
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանցի յայտնի բարերար եւ գործարար Մարուն Սըմաան կրթական մարզէն ներս իր կատարած օրինակելի եւ յատկանշական ներդրումներուն համար յետ մահու պիտի մեծարուի «Ամիտիսթ» (AMID-EAST) կազմակերպութեան կողմէ, Հոկտեմբեր 14ին, Պեվըրլի Հիլզի մէջ կայանալիք ձեռնարկի մը ընթացքին, եւ անոր ընտանիքին պիտի յանձնուի նոր հաստատուած «Կրթական Հերոս» մրցանակը։
Մարուն Սըմաան մեծ հաւատք ունէր կրթութեան կարեւորութեան հանդէպ, նկատի առնելով այն իրողութիւնը, որ համեստ պայմաններու տակ հասակ նետելով հարաւային Լիբանանի գիւղերուն մէջ՝ ան իր ստացած կրթութեան շնորհիւ կրցած էր մեծ իրագործումներու հասնիլ։ Ան Լիբանանի երկրորդական վարժարանի պետական «Պաքալորիա» քննութիւններուն երկրի բարձրագոյն նիշը ապահովելով՝ կրցած էր կրթանպաստ ստանալ՝ յաճախելու Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը, ուրկէ ան 1977ին ստացած է մեքենական ճարտարագիտութեան իր վկայականը։
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, ան կեանքի ասպարէզ նետուած է Օմանի մէջ, ուր տասնամեակ մը ետք հաստատած է իր սեփական «Փեթրոֆաս» ընկերութիւնը, որ իր ղեկավարութեան ներքեւ վերածուած է քարիւղի եւ բնական գազի ոլորտին մէջ աշխարհի մեծագոյն ընկերութիւններէն մէկուն։ 2010ի տուեալներով՝ աւելի քան 14,000 աշխատաւորներ ունեցող այդ ընկերութիւնը 4.35 միլիառ տոլարի եկամուտ ունէր։
2013ին, ան հիմնած է ներդրումներու «ԱլՔազար» ընկերութիւնը՝ իր ուշադրութիւնը կրդրոնացնելով գործարարական ջանքերուն վրայ, միաժամանակ նուիրուելով բարեսիրական աշխատանքներու՝ իր անունով հաստատուած հիմնարկութեան միջոցաւ, որ նեցուկ կանգնած է շարք մը կրթական հաստատութիւններու, որոնցմէ մէկն է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը։ Արդարեւ, ան ոչ միայն եղած է նշեալ համալսարանի հոգաբարձութեան անդամ, այլեւ անոր յատկացուցած է աւելի քան 32 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը, ինչ որ մեծագոյնն էր համալսարանի պատմութեան մէջ: Անոր հիմնարկութեան օժանդակութիւններէն նպաստներ ստացած են նաեւ Շարժայի Ամերիկեան համալսարանը, «Պալամանտ» համալսարանը եւ «Ամիտիս»չ կազմակերպութեան Լիբանանի կրթական առաքելութիւնը։
«Մարուն մեծ հաւատք ունէր կրթութեան ուժին եւ ղեկավար քաղաքացիներ պատրաստելու անոր դերակատարութեան նկատմամբ», կը յայտնէ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի հոգաբարձութեան ատենապետ դոկտ. Ֆիլիփ Խուրի, իսկ համալսարանի տնօրէն դոկտ. Ֆատլօ Խուրի կ՛աւելցնէ. «Մարուն հոյակապ հոգաբարձու, գործարար եւ ղեկավար մըն էր։ Աւելին՝ ան Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի՝ աւելի փայլուն ապագայի մը կերտման նորարար եւ հաստատ ջատագով մըն էր»։

Իր կարգին, Մարուն Սըմաանի դուստրը՝ Նուր, կը յայտնէ, թէ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին իր հօր կատարած նուիրատուութիւնը պիտի օժանդակէ «ապագայ սերունդներու ուսանողներուն որակաւոր ուսում փոխանցելու ջանքերուն, որպէսզի անոնք կարենան հասնիլ Լիբանանի եւ ամբողջ Միջին Արեւելքի կարիքներուն՝ ստանձնելով շրջանի բարգաւաճման համար կենսական՝ արդի արհեստագիտութեան եւ գիտական այլ ոլորտներու մէջ առաջնորդի դեր»։
Նշենք, որ Հոկտեմբեր 14ի ձեռնարկին ընթացքին, Մարուն Սըմաանի մրցանակը պիտի ստանձնէ անոր դուստրը՝ Նուրը, իսկ ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլան մեծարեալի այրին՝ Թանիան, եւ միւս դուստրերը՝ Թալա եւ Մայա:
«Ամիտիս»չի նախագահ Թիոտոր Խաթթուֆ կը յայտնէ, թէ կրթական հաստատութիւնները Մարուն Սըմաանի նման առատաձեռն եւ նուիրեալ անձնաւորութիւններու նեցուկով է, որ կրնան ուսման որակաւոր առիթներ տրամադրել ապագայ սերունդներուն։ Միաժամանակ, ան յոյս կը յայտնէ, որ Հարաւային Քալիֆորնիոյ լիբանանցի, արաբ եւ հայ քաղաքացիները նեցուկ կը կանգնին Լիբանանի երիտասարդներուն աջակցող այս կազմակերպութեան առաքելութեան, նկատի ունենալով, որ ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի «Ամիտիսթ» կազմակերպութեան գործունէութիւնը շարունակելու եւ ընդարձակելու ջանքերուն։
«Ամիտիս»չի Լիբանանի խորհրդակցական մարմինի ատենապետ Անիս Նասսար հպարտութեամբ կը յայտնէ, որ կազմակերպութեան «Կրթական Հերոս» անդրանիկ մրցանակը կը շնորհուի լիբանանցիի մը, որուն նուիրումէն եւ օժանդակութիւններէն մեծապէս օգտուած է յատկապէս ի՛ր երկիրը։ «Ան լայնածիր տեսիլք ունէր եւ շեշտը դրած էր երկրի երիտասարդութիւնը լաւապէս դաստիարակելու առաքելութեան վրայ։ Մարունի աջակցութիւնը վայելող հաստատութեանց շնորհիւ, անոր ազդեցութիւնը զգալի պիտի մնայ Լիբանանի եւ ամբողջ շրջանին մէջ», եզրակացուցած է ան։
Միջին Արեւելքի մէջ կրթական սպասարկութիւններ մատուցող «Ամիտիսթ» կազմակերպութիւնը (www.amideast.org) հիմնուած է 1951ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, եւ գրասենեակներ ունի Միջին Արեւելքի ու հիւսիսային Ափրիկէի տարածքին:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տոմսեր ապահովելու համար, այցելել AMID-EASTgala.com կայքը: