ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանի բնական կազի ազգային ընկերութիւնը կը քննէ Հայաստանի դիմումը՝ իրանեան կազի մատակարարումները աւելցնելու գծով: Այս մասին «տըիրանփրաճեք»չ (theiranproject.com) կայքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է ընկերութեան միջազգային հարցերով բաժինի տնօրէն Պեհզատ Պապազատէ:
Ըստ անոր՝ Իրան կ՛ուզէ Հայաստանի հետ առանձին համաձայնագիր ստորագրել՝ կազի արտածումը աւելցնելու վերաբերեալ, որպէսզի կազի դիմաց վճարումը կանխիկ գումարով ստանայ: Իրան ներկայիս Հայաստանին կազ կը մատակարարէ ելեկտրականութեան դիմաց:
«Մենք այդ ուղղութեամբ կը բանակցինք: Անշուշտ, Հայաստան նախապատուութիւն կու տայ ռուսական կազին, որուն գինը առաւել աժան է. մենք չենք ընդունիր այդ գինը», յայտնած է Պապազատէ: