ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Արցախի հակամարտութեան կողմերուն համար եկած է վստահութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերու ժամանակը. միջազգային միջնորդներուն անունով այսպէս յայտնած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտ, «Ամերիկայի Ձայն»ի հայկական եւ ատրպէյճանական ծառայութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ Օգոստոս 10ին կատարուած հարցազրոյցին ընթացքին։
Ան յոյս յայտնած է, որ մօտիկ ապագային այս ուղղութեամբ կ՛իրականացուին որոշ քայլեր։ «Կը գիտակցիմ, որ այս պահուն դժուար պիտի ըլլայ ամբողջական ապառազմականացման հասնիլ, հակառակ անոր որ այդ մէկը շատ ցանկալի է, սակայն մենք պէտք է նուազեցնենք ռազմական բախումներու հաւանականութիւնը», ըսած է ան։
Դեսպանին համաձայն՝ անհրաժեշտ է սահմանամերձ եւ շփման գօտիներէն դուրս բերել արձակազէնները, բազմացնել միջազգային դիտորդներու թիւը եւ յատուկ սարքաւորումներ տեղադրել հսկողութիւնը բարելաւելու նպատակով։
«Երբ երկու զինուած կողմեր բարդ տարածքի մը մէջ իրարու մօտիկ կը գտնուին, բախումի հաւանականութիւնը բարձր կ՛ըլլայ», ըսած է ան, աւելցնելով, որ միջնորդները մեծ ակնկալիքներ ունին Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն, որուն նաեւ կրնայ հետեւիլ բանակցութիւններ՝ նախագահներ Սարգսեանի եւ Ալիեւի մակարդակով:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ միջնորդները ի՞նչ նոր առաջարկներ ունին նախագահներուն՝ Հոկլընտ ըսած է. «Առկայ է համապարփակ փաստաթուղթ մը, սակայն կան նաեւ անոր հասնելու քայլեր եւ փուլեր, եւ ես յոյս ունիմ, որ բարձրագոյն մակարդակով յաջորդ բանակցութիւններու ընթացքին, կողմերը լուրջ աշխատանք կը կատարեն։ Նոյնիսկ եթէ վերջնական կարգաւորման կարելի չըլլայ հասնիլ, կը յուսամ, որ անոնք կը յայտարարեն որոշ յստակ քայլերու դիմելու մասին»:
Ըստ դեսպանին՝ տագնապի կարգաւորման հիմնաքարը՝ գտնելն է այնպիսի՛ փոխզիջումներ, որոնք պիտի ապառազմականացնեն իրավիճակը եւ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն համար պիտի բերեն խաղաղութիւն, բարգաւաճում ու ապահովութիւն:
Ան շեշտած է նաեւ, թէ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ լուծում մը գտնելու նպատակով, Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ աշխատիլ Ռուսիոյ հետ, հակառակ երկու երկիրներուն միջեւ վատթարացող յարաբերութիւններուն եւ որդեգրուած փոխադարձ պատժամիջոցներուն։ «Իրարու հետ մեր աշխատանքին մէջ բացարձակապէս ոչինչ փոխուած է. համանախագահներուն միջեւ յարաբերութիւնները չե՛ն փոխուած: Քաղաքական գործիչները կրնան բախումներ ունենալ իրարու հետ, սակայն աշխատանքը կը շարունակուի եւ մենք այդ մէկը կ՛իրականացնենք՝ ձեռք ձեռքի տուած», եզրափակած է ան։