ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Ինչպէս ծանօթ է, Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահի ընտրութենէն ետք, հանգրուան առ հանգրուան կը գործէ պատրիարքի ընտրութեան ընթացքը: Կարգադիր յանձնախումբի բանբեր փաստաբան Սեպուհ Ասլանկիլի յայտարարութեամբ յայտնի կը դառնայ, որ արդէն ճշդուած է ընտրութեան թուական մը: Այսպէս, Կիրակի, Դեկտեմբեր 10ին պիտի կայանայ պատգամաւորներու ընտրութիւնը, իսկ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13ին, պատգամաւորները պիտի ընտրեն պատրիարքը:
Կարգադիր յանձնախումբին պատրաստած աղերսագիրը, տեղապահ սրբազանին կողմէ վաւերացուելէ ետք՝ յանձնուած է Պոլսոյ կուսակալութեան, որ իր կարգին աղերսագիրը պիտի փոխանցէ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան: Ընտրութեան վերջնական թուականը նախարարութեան որոշումէն ետք պիտի յստականայ:
Սեպուհ Ասլանկիլ նաեւ կը յայտնէ, թէ մինչ այդ, կը շարունակուի ընտրողներու անուանացանկերուն պատրաստութիւնը: «Թաղական խորհուրդներուն գրաւոր կերպով յայտնեցինք իրենց տարածաշրջանի ընտրողներուն թիւը յստակացնելու մասին մեր պահանջարկը: Կը կարծենք, թէ մինչեւ սոյն ամսուն աւարտը, այդ ցանկերը պատրաստուած պիտի ըլլան, եւ անոնց հիման վրայ պիտի կարենանք ճշդել իւրաքանչիւր թաղի պատգամաւորներու թիւը: Տակաւին կ՛աշխատինք նաեւ պատրիարքութեան թեկնածուներուն անունները յստակացնելու շուրջ: Եթէ թեկնածուներուն թիւը հինգէն նուազ է, ապա խնդիր չունինք արդէն, բայց եթէ աւելի մեծ թիւով թեկնածուներ ներկայանան, հոգեւորական դասը պիտի ստիպուի այդ անունները հինգով սահմանելու: Միայն այդ հանգրուանէն ետք է, որ պատգամաւորութեան համար թեկնածուներու դիմումները պիտի ընդունինք: Ուշագրաւ է այն մանրամասնութիւնը, որ պատգամաւորները պիտի չկարենան հրապարակել, թէ իրենք ո՞ր թեկնածուին ի նպաստ պիտի քուէարկեն: Բաւական խնդրայարոյց կ՛երեւի այս մանրամասնութիւնը, քանի որ խնդիրը ոչ թէ պատգամաւոր ընտրելու, այլ պատրիարք ընտրելու մասին է: Հետեւաբար, ընտրողներուն ամենաարդար իրաւունքը պիտի ըլլայ գիտնալ, թէ ո՞ր պատգամաւորը՝ որո՞ւն հաշուոյն պիտի աշխատի», կ՛ըսէ ան:
Նշենք, որ երկար ժամանակէ ի վեր բանավէճի նիւթ դարձած երեւոյթ մըն է ասիկա, որ կը կարօտի որոշ բարեփոխութեան, սակայն այդ բարեփոխութիւնը կարելի չէ իրականացնել ընտրութեան սեմին: