
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանք Էնկել Եւրոմիութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն փաստին վրայ, թէ Արցախը Եւրոմիութեան մօտակայ շրջաններուն մէջ միակն է, որ պաշտօնապէս որեւէ աջակցութիւն չի ստանար այդ կառոյցէն. ան աւելցուցած է, որ այժմ ժամանա՛կն է ապահովելու Եւրոմիութեան ներկայութիւնը այդ տարածքին մէջ, որ Պաքուի ջանքերով՝ արդէն 28 տարի է որ մեկուսացման մէջ է: Էնկել այս նպատակով նախաձեռնած է ստորագրահաւաքի մը, որուն արդէն իսկ միացած են հարիւրաւոր քաղաքական ու հասարակական գործիչներ՝ եւրոպական ազդեցիկ շրջանակներէ:
Այս մասին Էնկելի պատրաստած պատգամին մէջ ըսուած է. «Կ՛ուզենք տեսնել Եւրոպայի ներկայութիւնը Ղարաբաղի մէջ, որովհետեւ Ղարաբաղը ա՛յդ կը փափաքի: Արցախը կ՛ուզէ ազատիլ անցեալին կատարուած ընտրութենէն եւ նայիլ դէպի Արեւմուտք, դէպի Եւրոպա՛, դէպի ազատութիւն եւ ժողովրդավարական արժէքներ: Եւրոպան կ՛աջակցի շատ այլ տարածքներու, որոնք ճանչցուած չեն տակաւին: Ինչո՞ւ նոյնը չ՛ըներ Կովկասի հայախօս այս տարածքին մէջ: Այս մօտեցումը պէտք է փոխուի: Այս կը խնդրէ եւ կը պահանջէ Ղարաբաղի ժողովուրդը, օրինականօրէ՛ն, եւ այդ մէկը պէտք է մենք ապահովենք»:
Պատգամաւորը այս կոչով կ՛առաջարկէ բոլորին միանալ իր նախաձեռնութեան՝ դրդելու համար Եւրոմիութիւնը, որպէսզի աւելի գործնական ըլլայ Արցախի հարցով: Կոչին կցուած յայտարարութեան մէջ ներկայացուած են թիւեր ու վիճակագրութիւն. հոն նաեւ կը յիշեցուի, թէ Եւրոմիութիւնը պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական յարաբերութիւններ ունի եւրոպական բոլոր երկիրներուն ու յարակից եւ չճանչցուած տարածքներուն հետ, օրինակ՝ Հիւսիսային Կիպրոսի կամ Աբխազիոյ, եւ աջակցութիւն կը տրամադրէ անոնց։
Ան կը շարունակէ՝ ըսելով. «Կայ տարածք մը, որուն Եւրոմիութիւնը բացարձակապէս օգնութիւն չի տրամադրեր եւ ուր անոր պաշտօնատարները երբեք չեն այցելեր: Այդ վայրը Լեռնային Ղարաբաղն է, կամ՝ Արցախը: Այս տարածքը աշխարհի մէջ ականապայթումներու ամենաբարձր ցուցանիշներէն մէկը ունի: Այս փոքրիկ տարածքին բնակիչները 28 տարիէ ի վեր կ՛ապրին շրջափակման մէջ: Ատրպէյճանի հանրապետութիւնը, որ կը պնդէ, թէ տարածքը կը գտնուի ի՛ր իշխանութեան ներքոյ, հսկայական ջանքեր կը գործադրէ Ղարաբաղի բնակչութիւնը աշխարհէն մեկուսացած վիճակի մէջ պահելու համար»:
Պատգամաւորը կ՛ազդարարէ, թէ չօգնելով Արցախին՝ Եւրոմիութիւնը փաստօրէն պիտի գտնուի Ատրպէյճանի վարած մեկուսացման քաղաքականութեան աջակցելու վիճակին մէջ։