Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ամէն անգամ որ կը խօսուի Սփիւռքի հզօրացման եւ կարեւորութեան մասին, ես ինծի հարց կու տամ՝ յարաբերաբար ինչի՞, ինչո՞ւ եւ ի՞նչ ընելու համար:
Երազատեսութիւն է խորհիլ, որ այսօրուան Սփիւռք(ներ)ը ամբողջութեամբ պիտի վերադառնան Հայաստան(ներ), բայց պիտի ըմբռնենք, ըմբռնած պիտի ըլլայինք հայ կեանքը պիտի տեւէ եւ պիտի զարգանայ հոն, եւ Սփիւռք(ներ)ի հայկական նկարագիրով գոյութիւնը անառարկելիօրէն ժամանակաւոր է, մեր ճիգերը կրնան ծառայել «ժամանակաւոր»ի երկարաձգման: Սփիւռք(ներ)ի հայկական նկարագրով գոյութիւնը, ինչ ալ ըլլան աշխատանքները, մարդկային, նիւթական ներդրումները եւ անոր մշակութային, գրական եւ արուեստի նուաճումները, ան միայն ժամանակաւոր պիտի ըլլայ:
Իրականութիւնը մատներու արանքէն դիտելը ղեկավարական համբակութիւն է:
Այսօրուան եւ վաղուան ամբողջական Հայաստանը այն դաշտն է, ուր բնականօրէն կրնայ զարգանալ հայկական ինքնուրոյնութիւնը եւ ժողովուրդի ազգային ապագան:
Այս իրատեսական հաստատումը երբեք ենթադրել չի տար, որ Սփիւռք(ներ)ը պիտի անհետանայ շուտով: Իրատեսութիւնը անպայման չարագուշակ չէ: Սփիւռք(ներ)ը դեռ պիտի տեւէ, մանաւանդ հոն ուր համրանքի կեդրոնացում կայ, ուր կան ուժական կառոյցներ. եկեղեցի, դպրոց, կուսակցութիւն, մամուլ, միութիւններ, հայ գրողներ, հայ մտաւորականութիւն եւ հայախօսութիւն: Եթէ անոնք ունենան նաեւ ազգային որակ եւ ընդհանրապէս որակ, Սփիւռք(ներ)ը կրնայ աւելի երկար տեւել, բայց այդքան միայն: Եթէ Սփիւռք(ներ) գոյացած երկիրներուն մէջ կայ նաեւ տարբերութիւններու գոյութեան հանդէպ հանդուրժողութիւն, բնականօրէն տոկալ եւ տեւել աւելի երկար կրնայ ըլլալ: Օրինակ, Քալիֆորնիոյ մէջ հայերէնը պետական լեզու չէ, ինչպէս որ չէ նաեւ սպաներէնը, բայց այդ լեզուները ընդունուած են դատարաններու մէջ եւ ինքնաշարժ վարելու արտօնագրի քննութեան: Բայց նման հանդուրժողութիւններ ունին միայն շպարի տեւողութիւն:
Սփիւռք(ներ)ի «հայօրէն» գոյատեւման հարցին կարելի չէ ենթակայական մօտեցում ունենալ, սեփական փորձը կամ բացառիկը ընդհանրացնելով, հասնելու համար լաւատեսութեան կամ յոռետեսութեան: «Ղեկավարող միտք»ով եթէ ընթանանք, պիտի քննենք հետեւեալը. ՕՏԱՐ ԱՇԽԱՐՀՆԵՐՈՒ ՄԷՋ, ՈՐՈՆՔ ՀԱՅՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՉԵՆ, ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԱՀԵԼ ՀԱՅ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆՈՒԹԵԱՄԲ:
Նման առաջադրանք կարելի՞ է եւ որքա՞ն ժամանակ: Այդ «պահել»ը որքա՞ն ժամանակ կրնայ տեւել եւ ո՞ր տոկոսով, ապա միայն այդ ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները եւ զանազան ծրագիրները կրնանք գնահատել:
Եթէ սփիւռք(ներ)ի հայկական հաւաքականութիւնները պիտի պահուին որպէս զանազան բնոյթով մնայուն համայնքներ, առանց ազգային իրաւ հեռանկարի եւ որակի, կը դառնան աննպատակ, վերջնական անհետացումէ առաջ: Կրկնենք. անհատները կը տեւեն, իրենց յաջորդներն ալ կը տեւեն, բայց նոր ինքնութեամբ, չեն տեւեր որպէս ազգի հատուած:
Եթէ կը ցանկանք որ Սփիւռք(ներ)ը տեւէ պահելով իր ազգային ինքնութիւնը, անոր պէտք է տալ կամ ան պէտք է ունենայ ազգային բնորոշ նպատակ, յատուկ ինքնութեամբ ըլլալու եւ տեւելու հեռանկար, օտարման կամ այլասերման անձնատուր չըլլալու համար:
Այսօր, միլիոններով գնահատուող Սփիւռք(ներ)ը գիտէ՞ թէ ինչու հայ պիտի մնայ, ի՞նչ ընելու համար: Ղեկավարութիւնները յստակօրէն կը պատասխանե՞ն այս հարցումին: Ենթադրենք որ կը կազմակերպենք Սփիւռք(ներ)ը, զայն կ՛օժտենք գեղակառոյց եկեղեցիներով, դպրոցներով, ակումբներով, բազմալեզու մամուլով, հայածնունդ սերունդին կ՛ընծայենք կեանքի մէջ յաջողելու պայմաններ, կը տիրանանք տիտղոսներու եւ հռչակի, այդ բոլորը ազգին եւ հայրենիքին համար ի՞նչ պիտի նշանակեն:
Թիւրիմացութիւն պէտք չէ ըլլայ: Սփիւռք(ներ)ը պէտք է կազմակերպել եւ հզօրացնել, որպէս անմիջական ծրագիր, պահելու համար հայկական համրանքը եւ որակը: Բայց ո՞ւր հասնելու համար, ո՞ւր հասցնելու ԱԶԳԻ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ անհրաժեշտ այդ համրանքը:
Աւելի պարզ. Սփիւռք(ներ)ի հզօրացման նպատակը պէտք է ըլլան հայրենատիրութիւնը եւ հայրենադարձութիւնը: Այսինքն, անհեթեթութիւն է Սփիւռք(ներ)ը ինքնանպատակ համարել, միամտօրէն խորհելով որ ազգ կարելի է ըլլալ եւ մնալ հայրենի հողէն դուրս: Նպատակի յստակացումէն ետք, կարելի է կազմակերպուիլ հայրենիքէ դուրս գտնուող հայ զանգուածներու պահպանման մասին, զոր երկար ժամանակ կը կոչէինք հայապահպանում, որ կը յաջողէր հայրենահանուած առաջին սերունդին հետ, եւ ապա, աստիճանաբար, հիւրընկալող երկրի կեանքը, բարքերը, լեզուն, պարտաւորութիւնները կը սեղմէին օղակը:
Ներկայ Սփիւռք(ներ)ը այնքա՜ն հեռու են գաղթականական առաջին Սփիւռքէն: Հայաստանէն արտագաղթ եւ ներսփիւռքեան տեղաշարժեր, ընդհանրապէս դէպի արեւմտեան երկիրներ, ստեղծած են խառնիճաղանճային վիճակ, հոգեբանական, արժէքներու, բարքերու, լեզուի եւ լեզուներու անիշխանական մթնոլորտ: Այս իրարանցումին մէջ ոչ մէկ հեռանկարային ծրագրում կայ, ոչ ոք լսելու պատրաստ է, անմիջականը եւ անհատականը տիրական են:
Ոչ ոք կ՛ըսէ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ միլիոններով գնահատուող այս «հայ զանգուածներ»ու որպէս այդպիսին գալիքը, վաղը:
Այսօր միլիոններով գնահատուող Սփիւռք(ներ)ի հայերու ո՞ր տոկոսին համար կան տոկալու եւ տեւելու պայմաններ:
Սովորաբար հրապարակուող հոգեպարար լուրերով կը գոհանանք, բայց հազուադէպօրէն հարց կու տանք, թէ անոնք միլիոններու ո՞ր տոկոսին կը վերաբերին:
Համրանքով աճող Սփիւռք(ներ)ը կ՛աճի՞ն նաեւ ազգային որակով, կրնա՞ն աճիլ ազգային որակով: Լրատուամիջոցներու հաղորդած դրական լուրերը, որքան ալ յուսադրիչ եւ գօտեպնդող ըլլան, ո՞ր տոկոսին կը վերաբերին, ո՞ր տոկոսին կողմէ կը լսուին:
Կրկին եւ կրկին պէտք է խօսիլ. միլիոններու հայօրէն գոյատեւման համար համապարփակ ծրագրում կա՞յ: «Ղեկավարութիւններ»ը, իւրաքանչիւրին հասնող «ազգային փրկութեան» ծրագիր ունի՞ն, կրնա՞ն ունենալ: Որքան որ ալ տնտեսական եւ բարեկեցութեան մակարդակ նուաճած ըլլան անհատները, ազգի ըմբռնումի տեսանկիւնէ Սփիւռք(ներ)ը կը գտնուին ամբոխի վիճակի մէջ, կ՛առաջնորդուին ամբոխային տրամաբանութեամբ, որուն յատկանշական արտայայտութիւնը կը գտնենք, փոքրամասնութիւններէն անդին զանգուածի մակարդակին, «բարեսիրութեան» եւ «զբօսաշրջութեան» մէջ, որոնք կը փոխարինեն «ազգային քաղաքականութիւն»ը՝ ինչ կը վերաբերի հայրենատիրութեան, մշակոյթի, լեզուի եւ յանձնառութեան:
Սփիւռք(ներ)ի առաջնորդող միտք զարգացնելու համար անհրաժեշտ է հրաժարիլ տօնական-դաշտագնացութեան յարդի բոցէ եւ նախ հասկնալ, որ Հայաստանէն դուրս եղող աշխարհները հայրենիք չեն, այդ աշխարհներուն մէջ հայկական կեանքը կը նմանի Իսլանտայի կամ Վլատիվոսթոքի մէջ տնկուած արմաւենիի, որ կրնայ աճիլ ջերմոցի մէջ, զարդի համար:
Սփիւռք(ներ)ի հայկական ապագան,- ոչ անհատներու,- իսկական ղեկավարութեան օրակարգ պէտք է ըլլայ, յանգելու համար եզրակացութիւններու, որոնք կրնան ամբոխային տրամաբանութեան համար հաճելի եւ ընդունելի չըլլալ: Քաջութիւն պէտք է ունենալ երթալու դէպի ժողովուրդը, խօսելու անոր հետ ազգային ըմբռնումի մասին, զայն մասնակից դարձնելով ծրագիրներու մշակման եւ գործադրութեան, հասկցած ըլլալով, որ ժամանակները փոխուած են եւ զանգուածները չեն կրնար ղեկավարուիլ ոչ օսմանեան օրերու ամիրաներով, ոչ ուքազներով, (հրահանգներով-Խմբ.) ոչ ալ առաջին քարտուղարներով:
Սփիւռք(ներ)ի հայկական ապագան պիտի ըլլայ սփիւռք կացութեան դադարեցումը ընկերամշակութային պարտադրանքով, ժամանակի պարտադրած մաշումով, կամ մեր որոշումով՝ հայրենադարձութեամբ: Անհանգստանալու եւ անհանգստացնելու գնով, այսքան պարզ ճշմարտութիւն պէտք է հասկնալ եւ հասկցնել:
Եւ ըստ այնմ ղեկավարել եւ ղեկավարուիլ:
Ինչպէ՞ս: Ի՞նչ բանի համար են ղեկավարութիւնները, Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ), եթէ չեն պատասխաներ այս հարցումին:
27 Յուլիս 2017
Նուազի-լը-Կրան