ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հրահանգով, լօզունգով, քարոզներով կամ որոշումներով կարելի չէ հայրենադարձութիւն իրականացնել:
Վերջին քսանհինգ տարիներու մեր հաւաքական փորձառութիւնն ալ կը վկայէ, որ մեծաթիւ ու միաժամանակ հայրենադարձութեան նոյնիսկ պատրաստ չենք ազգովին, նոյնի՛սկ՝ պետականօրէն:
Յամենայնդէպս, ի հեճուկս տարուէ տարի թափ ստացող արտագաղթին, «Դէպի երկիր» կարգախօսը կ՛աշխատի տարբեր ձեւերով, տարբեր դրսեւորումներով, որոնք եթէ նոյնիսկ ուղղակի ներգաղթի հոսք չեն ստեղծեր, ապա անոր ենթահողը պատրաստելու կը նպաստեն:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան սփիւռքեան կառոյցներու, յատկապէս՝ երիտասարդական միութիւններու նախաձեռնութեամբ, տարիներէ ի վեր եւ ամէն տարի աւելի՛ մեծ թիւով տղաք ու աղջիկներ Հայաստան, Արցախ ու Ջաւախք կ՛երթան՝ մասնակցելու այս կամ այն ծրագիրին:
Նոյնպէս ՀՄԸՄի, ՀՕՄի եւ Համազգայինի համահայկական կառոյցները, իրենց անդամները Հայաստան տանելու տարբեր ծրագիրներ կ՛իրականացնեն:
Նոյնը կ՛ընեն բարեգործական եւ հասարակական բազմաթիւ այլ միութիւններ ու կազմակերպութիւններ:
Նոյնը կ՛ընէ նաեւ պետութիւնը՝ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Արի Տուն»ով, համահայկական համագումարներով ու խորհրդաժողովներով:
Այս բոլորը կաթիլ առ կաթիլ ներարկումներ են Հայաստան այցելողներու հոգիներուն մէջ, զանոնք յուշելով, թէ աշխարհի միակ տեղը, ուր իրենք հարազատ կը զգան հողին, ջուրին ու միջավայրին հետ՝ Հայաստան աշխարհն է:
Այս կաթիլային ներարկումները կը հզօրանան ամէն անգամ, երբ այցելութիւնները կրկնուին: Նոր ծանօթութիւններ, նոր բացայայտումներ աւելի կ՛ամրապնդեն «նորոգ» յայտնաբերուած հայրենի հողին ընտելացումը՝ «Դէպի երկիր» ճանապարհը աւելի մատչելի, աւելի հարթ դարձնելով այսօր, վաղը կամ մօտիկ ապագային:
Արտագաղթի հաշիւը շարունակ կը կարդանք մամուլէն, պաշտօնական եւ անպաշտօն աղբիւրներէ: Ներգաղթի մասին պատկերացում չունինք: Որքա՛ն ալ անհամեմատ քիչ ըլլայ այդ թիւը, անոր հոգեբանական ազդեցութիւնը պէտք չէ թերագնահատել: Յատկապէս օտար ափերու վրայ ծնած երիտասարդներու ներգաղթը (կան այդպիսի պարագաներու բազմաթիւ օրինակներ) կրնայ շատերու համար ներշնչման աղբիւր դառնալ:
Հայաստանի մէջ արդար համակարգի ստեղծումը անշո՛ւշտ կրնայ աւելի արագացնել այս ամբողջ գործընթացը: