ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ֆրեզնօ ծնած, տարիներ ետք Լոս Անճելըս անցած, ապա Կլենտէյլ եւ ներկայիս կրկին Լոս Անճելըս հաստատուած «Ասպարէզ»ը, ահա այսօր 109 տարեկան է: Ուստի՝ սրտանց ողջոյնի մը զուգահեռ, նաեւ յարատեւութեան եւ բարգաւաճման մաղթանքներ կը փոխանցենք:
Պէտք է յիշեցնել, թէ օրացուցային ժամանակը չէ, որ կը ճշդէ տարիքը, որքան՝ հասունութիւնն ու կորովը: Որովհետեւ… բոլորս ալ իբրեւ ընթերցող կամ պարզ անհատ կը տեսնենք եւ կը լսենք, թէ Սփիւռքի եւ հայրենիքի ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ ինչպէ՛ս կը շնչէ կամ կ՛ապրի հայ մամուլը, հայ թերթն ու գիրը, հայ լեզուն եւ յատկապէս՝ արեւմտահայերէնը:
Դժուար ու նոյնքան ալ ապերա՛խտ: Իսկ հայ մամուլի պարագային, նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլանք, երբ յիշեցնենք, թէ անոր կեանքը դարձած է ամէնօրեայ պայքարի տարողութիւն: Պայքարիլ, տոկալ, գոյատեւել, սակայն՝ երբե՛ք չշեղիլ առաքելութենէն: Ահա՛ վառ օրինակ մը: Ամերիկաներու ամբողջ տարածքին միա՛կ հայ օրաթերթ «Ասպարէզ»ը:
Ա՛ն է, որ իբրեւ հայ քաղաքական միտքի արդար ծնունդ հասած է եւ տակաւին կը հասնի մեր գաղութի բոլոր կարիքներուն, ազգային, մշակութային եւ քաղաքական հարցերու կողքին հոգեկան հաճոյքի ապրում բերելով իրեն հետ: Այդ իսկ պատճառով, մեզի համար դարձած է պատկերն ու հայելին մեր գաղութին:
Միշտ ըսելիք ունի բոլորին, ստեղծագո՛րծ իրականութեամբ: Մեր գիրն ու գրականութիւնը՝ լուրերու, յօդուածներու, նոյնիսկ հրամցուած նկարներուն շնորհիւ ծաղկուն պահելու ծանր պարտականութիւն մը, բոլոր հայ տուներէն ներս մտնելու եւ անոնց միտքերն ու հոգիները ջերմացնելու գեղեցիկ ու արդար առաջադրութեամբ, մեր գաղութին դիմագիծը ներկայացնելու հմուտ խառնուածքով ու արժանիքով եւ անկողմնակալ քաջութեամբ:
Միշտ եւ ամէն առիթով կրկնած ենք, որ հո՛ս է, ուր մենք զմեզ կը փնտռենք, որովհետեւ յստակ յանձնառութիւն ունեցող, անսակարկ ծառայութիւն մատուցող ներկայութիւն մըն է անիկա, որ իր բազմաճիւղ առաքելութեան շնորհիւ՝ փոխեց մեր հաւաքական կեանքը, մեր առօրեայ մթնոլորտն ու քաղաքական-մշակութային ճաշակը: Անկասկա՛ծ որ մեր գաղութը իր անուան կապուեցաւ՝ սիրով ու ակնածանքով, միաժամանակ առողջ մթնոլորտ ստեղծելու եւ բարոյական արժէքները վերահաստատելու պատրաստակամութեամբ ու ճիգով:
«Ասպարէզ»ը, պատիւ իրեն, յաջողեցաւ ստեղծել ի՛ր ժամանակը: Ճիշդ ասկէ մեկնած՝ պարտաւոր ենք զինք առողջ պահելու, թեւ ու թիկունք կանգնելու, որպէսզի անիկա շարունակէ մեզ առաջնորդող իր երթը:
Պէտք է աւելցնել, որ անիկա նաեւ սերտօրէն առնչուեցաւ հայրենի կեանքին հետ, անոր առօրեային շաղախուած գործօն ու հեղինակաւոր ներկայութեամբ: Հայաստան-Սփիւռք կապերու զարգացումը նոր շունչով եւ հանգրուանով հրամցուց անիկա: Իր այս վաստակին համար, յաւելումի նոր էջեր աւելցուց՝ յօգուտ հայ ստեղծագործ ու իմացական կեանքի վերելքին:
Պարզ լրագիրի կամ օրաթերթի մը սահմաններուն մէջ չմնաց: Այս մէկը կրնաք անձա՛մբ հաստատել: Իբրեւ երկար տարիներու իր գործակիցներէն մէկը՝ անկեղծօրէն կրնամ վկայել, որ ան ծառայութեան նո՛յն ոիգիով կը շարունակէ իր երթը: «Անելիք եւ ասելիք» ունի մեր ժողովուրդի բոլո՛ր զաւակներուն: Անոր համար ալ պատնէշի վրայ է՝ ամէնօրեայ զոհաբերութեամբ: Կը ներկայացնէ պատկերը ամերիկահայոց կեանքի հեւքին, անոնց ապրումներուն, տենչերուն, առօրեային եւ ապագայի երազներուն՝ առաջնորդողի խօսքը ըսելու արդար իրաւունքով միատեղ:
Ապրած է ու տակաւին կ՛ապրի ի՛ր գաղութին, ի՛ր հայրենիքին եւ ի՛ր հայութեան հետ, միշտ հաւատարիմ մնալով ի՛ր հայ քաղաքական մտածողութեան, պատկանելիութեան եւ անոր առաքելութեան:
Տարիքը չէ՛, որ կը ճշդէ ամէն բան: Սակայն ինք հպարտ է իր տարիքով: Այս չի նշանակեր, որ բաւարարուած է իր աշխատանքով: Որովհետեւ, իր աւելի քան մէկ դարու երթին ընթացքին անիկա շատ բաներ տեսաւ ու հո՛ս հասաւ: Պատմակա՛ն օրեր: Տխուր եւ ուրախ: Այս ճամբուն վրայ շատեր կորսուեցան: Նորեր եկան: Հիները գացին: Կը կարծեմ, թէ իր պահանջքը կայ, յատկապէս՝ զինք պահելու անհրաժեշտութի՛ւն: Ուստի, մեզի կ՛իյնայ զայն ողջ պահել… Որովհետեւ ինք ճիշդ կողմնորոշուող եւ ամէն տեսակ փոթորիկներու դէմ քաջաբար ծառացող, վճռակամ, մարտունակ, բայց միաժամանակ՝ պաղարիւն ու բոլորին ծառայ համեստ ու արդար նաւավարն է:
Պատի՜ւ իրեն, այսօր, հակառակ այս ծանօթ եւ անծանօթ ծանր պայմաններուն, նիւթական դժուարութիւններուն, իբրեւ ընթերցող՝ դո՛ւք նոյնիսկ կրնաք վկայել, թէ «Ասպարէզ»ը միշտ թարմ է ու կայտառ, կենսունակ է եւ վերանորոգուող:
Ուստի… Տարեդարձդ շնորհաւո՛ր, 109ամեայ ազնիւ ու անխոնջ «ծառայ»: