ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի ԹՈՒՄՕի այգիին մէջ Երկուշաբթի, 31 Յուլիսին տեղի ունեցաւ ՀՅԴի կողմէ երրորդ անգամ կազմակերպուող՝ Սփիւռքի պատանեկան միութիւններու հայաստանագնացութեան բացման արարողութիւնը:
Յուլիս 31էն Օգոստոս 7ը ընթացող միջոցառման կը մասնակցին 230՝ 12-17 տարեկան պատանի, 9 երկիրներէ:
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան կը տեղեկացնէ, թէ միջոցառման նպատակներն են՝ սփիւռքահայ պատանիներուն Հայաստանի ծանօթացումը, անոնց քաղաքացիական գիտակցութեան բարձրացումը, ինչպէս նաեւ առողջ ապրելակերպի խթանումը:
«Ութ օրուայ ընթացքում տարբեր երկրների պատանիներ ծանօթանալու են միմեանց հետ, ձեռք են բերելու նոր գիտելիքներ եւ կատարելու են խմբակային աշխատանքներ», նշեց Մկրտչեան:
ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմէնուհի Կիւրեղեան, իր կարգին, կը յայտնէ, թէ այս միջոցառման շնորհիւ պատանեկան միութիւնները աւելի կը սերտացնեն իրենց յարաբերութիւնները: «Պատանիները ընկերական մթնոլորտում ձեռք կը բերեն նոր գիտելիքներ, որոնք շատ կարեւոր են», ըսաւ Կիւրեղեան:
Պատանիները Հայաստանագնացութեան առաջին հինգ օրերը Հայաստանի մէջ պիտի անցընեն, մնացեալ երեք օրերը՝ Արցախ: