ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Պաքուի մէջ Յուլիս 20ին բանտարկութեան դատապարտուած լրագրող Ալեքսանտր Լափշին որոշած է չբողոքարկել իրեն դէմ արձակուած դատավճիռը, այլ խնդրած է զինք արտայանձնել Իսրայէլի իշխանութիւններուն՝ բանտարկութեան ժամանակը հոն ամբողջացնելու համար։
Այս տեղեկութիւնը բացայայտած է Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի այս լրագրողին իրաւաբանը՝ Էտուարտ Չերնինը, «Մէյտան» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին։
Նշենք, որ Յուլիս 26ին Լափշին կրցած է հանդիպում մը ունենալ Պաքուի մօտ Իսրայէլի դեսպանին հետ, անոր եւս փոխանցելով զինք Իսրայէլ փոխադրելու փափաքը։
Իր կարգին, Ատրպէյճանի արդարադատութեան նախարարութեան մարդկային իրաւունքներու գրասենեակի ներկայացուցիչ Ֆայիղ Ղուրպանով բաւարարուած է ըսելով, թէ արտայանձնումին հարցը կրնայ քննուիլ:
Լափշին, որ Արցախ կատարած իր այցելութեանց համար կը հետապնդուէր Պաքուի կողմէ, անցեալ տարեվերջին ձերբակալուած էր Մինսկի մէջ։