ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ» 14 Օգոստոսին պիտի դառնայ 109 տարեկան: Ինը տարի առաջ դիմեցինք մեր ընթերցողներուն, բարեկամներուն եւ հովանաւորներուն՝ մասնակցելու թերթի հարիւրամեակի նշումին՝ 100 տոլարի նուիրատուութեամբ: Հարիւրաւորներ հարիւր տոլարով, իսկ բազմաթիւ ուրիշներ՝ աւելի՛ մեծ նուէրներով շնորահաւորեցին «Ասպարէզ»ի հարիւրամեակը:
Յաջորդ տարիներուն, այս գեղեցիկ աւանդոյթը շարունակուեցաւ եւ ամէն անգամ կոկիկ գումար մը ապահովեց թերթին:
Կը պատրաստուինք «Ասպարէզ»ի 110ամեակը պատշաճ հանդիսութեամբ տօնակատարելու: Խուսափելով ամէն տարի հանգանակային նպատակով ձեռնարկ կազմակերպելով խճողելէ համայնքիս արդէն իսկ ծանրաբեռնուած ժամանակացոյցը՝ «Ասպարէզ» որոշած է միայն կլոր տարիներուն վերապահել հանդիսաւոր հաւաքոյթները, իսկ սովորական տարիներուն, եթէ կարելի է որեւէ տարի բնութագրել սովորական, բաւարարուիլ թերթով հանգանակութիւն կատարելով:
Ձեւով մը՝ «Ասպարէզ»ի «թերթաթոն»… Օգոստոս ամիսը, հաւանաբար, համայնքային կեանքի ամէնէն հանգիստ ժամանակաշրջանն է: Արձակուրդի եւ հանգիստի այս ամսուն, ձեռնարկները զիրար չեն հրմշտկեր՝ մեզի առիթ տալով գրաւելու մեր բարեկամներուն ուշադրութիւնը:
Սիրելի՛ ընթերցողներ, բարեկամներ, առանձին դիմումով նամակներ պիտի չստանաք, պարզապէս ձեր վրայ յաւելեալ բարոյական ճնշում չգործադրելու համար: Մեր խնդրանքն է, որ 109 տոլարով շնորհաւորէք «Ասպարէզ»ի տարեդարձը: Մեզի համար անգնահատելի է ձեր զօրակցութիւնը: Անշո՛ւշտ, նուէրին չափը ճշդելը մեր իրաւունքէն դուրս է, ու մեզի համար նոյնքա՛ն արժէքաւոր են մեծ թէ փոքր գումարները: Կարեւորը մասնակցութի՛ւնն է, կարեւորը զգալն է ձեր շունչը, ձեր նեցուկը:
Գեղեցիկ աւանդութիւնները պէ՛տք է շարունակուին: