ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Իսրայէլեան «Եշ Աթիտ» ընդդիմադիր կուսակցութեան առաջնորդ եւ ելեւմուտքի նախկին նախարար Եայիր Լափիտ կոչ ըրած է Իսրայէլի իշխանութեանց՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ սատարելու քրտական պետութեան կազմաւորման, ի պատասխան Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կեցուածքին:
Ըստ «Ճերուզալէմ Փոսթ» թերթին՝ ան ըսած է, որ Թուրքիա ամէն անգամ աւելի ու աւելի ցաւոտ հարուածներ կը հասցնէ Իսրայէլին:
«Մենք պէտք է ըսենք, թէ հիմա մենք մեր ուզած քաղաքականութիւնը պիտի որդեգրենք. այսօրուընէ սկսեալ պիտի սատարենք քրտական անկախ պետութեան ստեղծման ու պէտք է ճանչնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Մենք պէտք է ընենք այն բոլորը, որոնք չէին կատարուած, երբ լաւ յարաբերութիւններ ունէինք Թուրքիոյ հետ, քանի որ այլեւս նման յարաբերութիւններ չկան եւ պիտի չըլլան ապագային», յայտարարած է ընդդիմադիր գործիչը:
Լափիտ նաեւ կոչ է ըրած է հրաժարելու դէպի Թուրքիա կազատար խողովակաշարի գաղափարէն: