
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Յուլիս 25ին, Քոնկրեսին մէջ քանի մը առիթներով քննարկութեան նիւթ դարձած է Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական գործակցութիւնը սերտացնելու կարեւորութիւնը։
Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու գանձարանի տուրքերուն հարցերով փոխնախարար նշանակուած Տէյվիտ Քոթըր, Ծերակոյտին մէջ իր վկայութեան ընթացքին ընդունած է, որ Ամերիկայի եւ Հայաստանի միջեւ կրկնակի տուրքերէ խուսափելու համաձայնագիր մը պէտք է մշակուի՝ զարկ տալու համար երկկողմանի առեւտրական յարաբերութիւններուն։

Ան այս հաստատումը կատարած էր՝ պատասխանելով ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի հարցումին։
Աւելի կանուխ, արտաքին գործոց նախարարի օգնականի պաշտօնակատար Ճան Հեֆըրն, պատասխանելով քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի մէկ հարցումին՝ յայտնած էր, թէ նման համաձայնագիր մը արդէն իսկ կը քննարկուի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ։
Հեֆըրն, որ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան եղած է նախապէս, նաեւ ընդունած էր, որ մեծ ներուժ կայ երկու երկիրներու տնտեսական յարաբերութեանց մէջ, եւ աւելցուցած, թէ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու փոխարէն՝ Միացեալ Նահանգները կը փափաքի Հայաստանի հետ առեւտրական յարաբերութիւնները զարգացնել: Ան նաեւ նշած էր, որ 2015ի Մայիսին կնքուած հայ-ամերիկեան առեւտուրի եւ ներդրումներու պայմանագիրը արդէն իսկ կը նպաստէ երկու պետութիւններուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման:
