Երէկ ( Ուրբաթ, 21 Յուլիս-Խմբ.) յետմիջօրէին, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ համայնքային կարեւոր խորհրդակցութիւն մը, Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ: Այսպէս, պատրիարքարանի երդիքին տակ համախմբուեցան Նախաձեռնարկ մարմինի անդամներն ու մեր հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ատենապետները կամ լիազօր ներկայացուցիչները: Այս համատեղ ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկան պատրիարքական ընտրութեան կազմակերպման գործընթացին վերաբերեալ շարք մը կարեւոր հարցեր: Ժողովը սկսաւ Սահակ եպս. Մաշալեանի աղօթքով: Նախաձեռնարկ մարմինի դիւանի ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ եւ ատենադպիր Խաչիկ Ճանէլ սկիզբը հանդէս եկան ամփոփ ողջոյնի խօսքերով: Պատրիարքարանի քոթայէն Նախաձեռնարկ մարմինի անդամ նշանակուած երկու հոգեւորական անդամները՝ Կորիւն Ա. քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Կրօնական ժողովի ատենադպիր Տրդատ քհնյ. Ուզունեան բացակայեցան ժողովէն: Տրդատ քհնյ. Ուզունեան թէեւ պատրիարքարանի մէջ էր եւ միայն պահ մը մուտք գործեց ժողովասրահ:
ՔԷՕԼԷԴԱՒԻԹՕՂԼՈՒԻ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄԸ
Երէկուան համատեղ խորհրդակցութեան ընթացքին հիմնական ատենախօսն էր Նախաձեռնարկ մարմինի դիւանի փոխատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու: Ժողովի սկիզբը ան ծաւալուն զեկուցումով մը հանդէս եկաւ՝ ընտրողներու ցուցակներու արդիականացման ու կատարելագործման հարցին շուրջ: Իր խօսքերէն յայտնի կը դառնար, որ Նախաձեռնարկ մարմինը համայնքէն ներս կը նախատեսէ զօրաշարժ մը ստեղծել՝ լայնախարիսխ մասնակցութեամբ արդար ընտրութիւն մը կազմակերպելու առաջադրութեամբ:
Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու երէկ ժողովականներուն բացատրեց, որ պատրիարքական ընտրութեան կատարեալ իրագործումը կախում ունի ընտրողներու ցուցակներու կատարելագործումէն: Հաշուի առնելով, որ ընտրողներու ցուցակներու արդիականացման ու կատարելագործման հարցը կը ներկայացնէ լուրջ կարեւորութիւն՝ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու այս նիւթը մեկնաբանեց արդար ու ժողովրդավարական ընտրութիւն մը կազմակերպելու տեսանկիւնէն: Իր խօսքերով, համայնքային կեանքէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր տեղի չեն ունենար ընտրութիւններ: Սա հիմնական պատճառ մըն է կանխաւ ընդունելու համար, որ մեր ընտրողներու ցուցակները կարիք ունին կատարելագործման: Բազում օրինակներով փաստուած է, որ մեր համայնքի մահացած անդամները յաճախ տակաւին տեղ ունին ընտրողներու ցուցակներուն վրայ: Թուրքիոյ մէջ նոր հաստատուած դրութեամբ՝ ընտրողներու տարիքի սահմանը իջած է 18ի: Հետեւաբար, մեր համայնքի պարագային ալ ընտրողներու ցուցակները պէտք է համապատասխանեցուին այս կացութեան եւ 18 տարեկանի հասած մեր երիտասարդներն ալ պէտք է ընդգրկուին այդ ցուցակներուն վրայ: Քէօլէդաւիթօղլու յիշեցուց, որ մասնաւորապէս 1999 թուականի երկրաշարժէն ետք, քաղաքէս ներս մեր համայնքի անդամներու ժողովրդագրական տեղաշարժը թափ ստացած է: Սա պատճառ դարձած է, որ մարդիկ՝ որպէս թաղեցի արձանագրութիւններ ունենան մէկէ աւելի եկեղեցիներու մօտ: Կրկնակի արձանագրութիւնները եւ տուեալ անձերու պատկանած ընտրաշրջանին յստակացումը ներկայ փուլի հիմնական մարտահրաւէրներէն մին է: Քէօլէդաւիթօղլու յոյս յայտնեց, որ քաղաքացիութեան համարներուն շնորհիւ կարելի կրնայ ըլլալ կրկնակի արձանագրութիւններու խնդիրները կանխել: Քէօլէդաւիթօղլու ընդգծեց, որ քաղաքիս 32 ընտրատարածքներէն ներս այս հարցերուն շուրջ պէտք է լուսաբանուի մեր ժողովուրդը:
Իւրաքանչիւր եկեղեցի ընտրական շրջան մը պիտի համարուի ու պիտի բնորոշէ ընտրատարածք մը, հետեւաբար այս աշխատանքները պիտի տարուին մեր եկեղեցիներու շրջակայքին:
Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու երէկուան զեկոյցին մէջ յայտնեց, որ մեր հոգեւորականաց դասու անդամները եկեղեցիներէն ներս աղօթքներու աւարտին պէտք է հայրաբար խորհուրդ տան հաւատացեալներուն, որպէսզի հետամուտ ըլլան իրենց արձանագրութիւններու հարցերով: Նախաձեռնարկ մարմինը յարմար կը դատէ, որ մեր վարժարաններն ու սանուց միութիւններն ալ ներգրաւուին այս աշխատանքներուն: Աշխոյժ երիտասարդները պէտք է աշխատանքի հրաւիրել, որովհետեւ անոնց օգնութիւնը կը համարուի անհրաժեշտ: Քէօլէդաւիթօղլուի խօսքերով՝ մեր վարժարաններէն ներս համապատասխան յանձնարարութիւններ պէտք է կատարուին աշակերտներու արձանագրութեանց ժամանակ: Այն հաստատութիւնները, որոնք կրթաթոշակ կը տրամադրեն՝ իրենց նպաստընկալներուն կրնան դիմել նոյն նպատակով: Նախաձեռնարկ մարմինը համայնքային մամուլին ալ աջակցութիւնը կը նախատեսէ այս նիւթին շուրջ: Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու շեշտեց, որ ընկերային ցանցերն ալ նկատի պէտք է առնուին՝ նոր ընտրողներու ցուցակի պատրաստութեան համար: Այսինքն, «Հայլիստ»ի, «Նոր զարթօնք»ի նման համայնքին ուղղեալ ընկերային ցանցերու անդամներն ալ պէտք է արձանագրուին ընտրողներու ցանկերուն վրայ:
Զեկուցման տեւողութեան Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու աւելցուց, որ մեր եկեղեցիները պէտք է ստեղծեն նաեւ իրենց տեղական ընտրական մարմինները: Ըստ թաղեցիներու քանակին ու խտութեան տուեալ թաղային խորհուրդը պէտք է որոշէ, թէ քանի հոգիէ կրնայ բաղկանալ իր տեղական ընտրական մարմինը: Հայահոծ թաղերու պարագային, խորհուրդ կը տրուի տեղական ընտրական մարմինները աւելի բարձր թիւով անդամներէ կազմել: Ընտրողներու արձանագրութիւնները պիտի կատարուին տուեալ եկեղեցւոյ մատակարար մարմնին կողմէ եւ Նախաձեռնարկ մարմինը պիտի վերահսկէ այդ բոլորը: Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու խորհուրդ տուաւ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին ձեւաւորել տեղական ընտրական մարմինները:
Ներկայ կանխատեսումներով, թաղերէ ներս մասնաւոր յանձնախումբեր պէտք է ստեղծուին՝ ընտրողներու արձանագրութեան համար: Նախաձեռնարկ մարմինն ալ համապատասխան յանձնախումբ մը հիմնած է իր կազմէն ներս՝ այս խնդիրին վրայ կեդրոնանալու առաջադրութեամբ: Մեր համայնքի անդամները որեւէ տեղ կրնան արձանագրուիլ, պայման չէ իրենց բնակութեան վայրին մէջ ըլլալը: Անոնք նոյնիսկ կրնան իրենց նախընտրած եկեղեցւոյ մէջ քուէարկել՝ պայմանաւ, որ համապատասխան հարցաթերթիկ մը լրացնեն, եթէ կը նախընտրեն իրենց բնակութեան շրջանէն դուրս քուէարկել: Իրականութեան մէջ, ընտրողներու արձանագրութեան վայրը պէտք է գտնուի այն շրջանին մէջ, ուր իրենց հասցէագրուած պաշտօնական նամակները կը հասնին:
Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի զեկուցման զուգահեռ Նախաձեռնարկ մարմինի ներկայացուցիչները երէկ ժողովականներուն ներկայացուցին համակարգչային մթնոլորտի մէջ եւ համապատասխան ձեւաչափով պատրաստուած՝ ընտրողներու արձանագրութեան թերթիկներ: Այդ հարցաթերթիկները պիտի լրացուին, պիտի կեդրոնացուին համակարգչային մթնոլորտի մէջ, առցանց դրութիւն մը պիտի հաստատուի եւ այդ հիման վրայ կրկնակի արձանագրութիւնները կանխել հնարաւոր պիտի ըլլայ:
Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլու նշեց, որ ներկայիս մեր համայնքը իւրացուցած է պատրիարքական ընտրութեան գաղափարը, ուստի այդ ընտրութիւնը պէտք է կազմակերպուի համայնքին վայել, պատշաճ ձեւով: Անոր խօսքերով՝ լաւագոյն պայմաններով պատրիարքական ընտրութիւնը իրականացնել կարելի կրնայ ըլլալ յառաջիկայ Դեկտեմբերի կիսուն: Նախաձեռնարկ մարմինը մտադիր է ի պահանջել հարկին նոյնիսկ արհեստավարժ աջակցութիւն ստանալ:
ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Այս զեկուցումէն ետք խորհրդակցութեան մասնակիցները ծաւալեցին որոշ քննարկումներ: Հարկ է նշել, որ ատեն-ատեն փոթորկոտ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցան այդ քննարկումները: Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ յայտնեց, որ շուրջ տասը տարիէ ի վեր համայնքէն ներս տեղի չէ ունեցած ընտրութիւն: Բոլոր մատակարար մարմիններու պաշտօնավարութեան օրինական ժամկէտը լրացած է վաղուց: Իր կարծիքով, ներկայ մատակարար մարմինները կը համարուին ապօրինի եւ այդ մարմիններուն կողմէ ստեղծուած նախաձեռնարկ մարմինն ալ ապօրինի է: Սիմոն Չեքէմ օրակարգի վրայ բերաւ այն հարցումը, թէ ի՞նչ հիմքի վրայ թաղեցիներու կամ ընտրողներու ցուցակներ պիտի պատրաստուին: Արդարեւ, որոշ ժամանակաշրջաններու մէջ կատարուած փոփոխութիւններու լոյսին տակ կարգ մը շրջաններու որոշ թաղամասերու պատկանելիութեան խնդիրը գոյութիւն ունի վաղուց: Ընտրական կանոնադրութիւններու խնդիրին պղտորութիւնն ալ կը մնայ առկայ: Ըստ անոր՝ Նախաձեռնարկ մարմինը պէտք է կանոնադրութիւն մը ապահովէ պետութենէն:
Սիմոն Չեքէմի քննադատական արտայայտութիւնները ժողովասրահին մէջ ստեղծեցին որոշ լարուածութիւն: Ձգտեալ վիճակի մէջ, Նախաձեռնարկ մարմինի դիւանի ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչ պահ մը նոյնիսկ դահլիճէն դուրս հրաւիրեց Սիմոն Չեքէմը՝ թէեւ այդքան ծայրայեղութեան դիմելու անհրաժեշտութիւնը չէր ստեղծուած: Իր կարգին, Սիմոն Չեքէմ յայտնեց, որ համայնքը պէտք է մտածէ, թէ 2017 թուականի դրութեամբ ինչպէ՞ս կարելի է պատրիարք մը ընտրել, մանաւանդ հին խնդիրներէն քաղելով անհրաժեշտ դասերը: Ան յիշեցուց Պէյօղլուի մէջ մօտաւոր անցեալին ծագած խնդիրները, որոնց հիմնական պատճառն էր՝ վիճելի ընտրողներու ցուցակներու հարցը:
Քննարկումներու տեւողութեան համոզիչ ու պաղարիւն փաստարկներ ներկայացուցին Նախաձեռնարկ մարմինի կազմէն Թադէոս Պէպէք, Սարվէն Սէրթշիմշէք, իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ եւ Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Տիգրան Գէորգեան: Նախաձեռնարկ մարմինին մօտ նոյնիսկ մտադրութիւն կայ, որ Թուրքիոյ հայազգի ընտրողներու ցուցակը ապահովելու համար շփում մշակուի Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին հետ: Այս կէտին վրայ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան:
Սիմոն Չեքէմի կողմէ արծարծուած վերապահութիւններուն կապակցութեամբ վերոյիշեալ ժողովականները ի մէջ այլոց դիտել տուին, որ պատրիարքական ընտրութիւնը եւ համայնքային հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ընտրութիւնները ուղղակիօրէն կապ չունին իրարու հետ: Ազգային Սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն նմանութեամբ կանոնադրութիւն մը ուղարկուած է պետութեան կողմէ՝ վերջին բոլոր պատրիարքական ընտրութիւններուն: Այս անգամ ալ, յաչս պետութեան դիմում պիտի կատարուի՝ նման կանոնադրութեան մը հասնելու համար: Իւրաքանչիւր ընտրատեղամասին վիճակած պատգամաւորի թիւը կը ճշդուի ըստ այդ ընտրաշրջանի բնակչութեան խտութեան:
Նախաձեռնարկ մարմինը պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութիւն մը կամ կանոնադրութեան նախագիծ մը մշակելու լիազօրութիւնը չունի: Անոր վիճակած գործն է՝ տուեալ պայմաններով նոր պատրիարքի մը ընտրութեան կազմակերպումը: Իսկ պետութեան կողմէ ակնկալուած կանոնագրութիւնը պիտի ուղարկուի՝ համայնքին անունով Նախաձեռնարկ մարմինին կողմէ կատարուելիք դիմումէն ետք: Առանց այդ դիմումին արդէն կարելի չէ ակնկալել կանոնագրութեան մը ուղարկուիլը պետութեան կողմէ: Այս անգամուան պատրիարքական ընտրութիւնն ալ պիտի կատարուի Հանրապետական շրջանի նախորդ ընտրութիւններուն օրինակով:
Հաւաքոյթի եզրափակիչ փուլին շեշտուեցաւ, որ Նախաձեռնարկ մարմինը եւ մեր հաստատութիւններու ղեկավարութիւնները հետամուտ պէտք է ըլլան առաւել չափով ընտրողներու արձանագրութեան: Եթէ մեր համայնքի անդամներու արձանագրութիւնները կարելի ըլլայ կուտակել համակարգչային շտեմարանի մը մէջ, ապա առցանց դրութեամբ արդէն դժուար պիտի չըլլայ անոնց ընտրատեղամասերու սահմաններուն մէջ բաշխուիլը: Հետեւաբար, արձանագրութիւններու խնդիրը միշտ կարեւորուեցաւ ու շեշտուեցաւ, որ պատրիարքական ընտրութեան նախապատրաստական աշխատանքները յառաջ պէտք է տարուին հասարակաց միտքով եւ գերադասելով մեր համայնքի ապագան: Այս գործին մէջ, անտարակոյս կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նաեւ բարեացակամութիւնը:
Ժողովականներու արձակման պահուն Նախաձեռնարկ մարմինի անդամները անմիջական խօսակցութեան ձեւաչափին մէջ տուին նաեւ կարգ մը բացատրութիւններ: Անոնք շեշտեցին, որ բուն գործընթացի՝ այսինքն պատրիարքական ընտրութեան թոյլտուութեան համար տակաւին պաշտօնապէս դիմում չէ ներկայացուած Իսթանպուլի կուսակալութեան եւ այդ քայլը առնելու համար կը սպասուի յարմարագոյն պահուն:
ՆԱԽԱՁԵՌՆԱՐԿ ՄԱՐՄԻՆԻ
ԺՈՂՈՎ
Միւս կողմէ, Պատրիարքարանի երէկուան խորհրդակցութեան աւարտին Նախաձեռնարկ մարմինի անդամները գումարեցին նաեւ առանձին ժողով մը:
«ԺԱՄԱՆԱԿ»
Ուրբաթ, Յուլիս 21, 2017