ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Օգոստոս 14ին «Ասպարէզ» պիտի թեւակոխէ իր 109րդ տարին:
2008ին, երբ ստանձնեցի թերթին խմբագրութիւնը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու գրեթէ ամբողջ աշխարհը տնտեսական սուր տագնապ կը դիմագրաւէին:
Մենք ալ դիմագրաւեցինք նոյն տագնապը, եւ ինչպէս դուք կ՛ընէք ձեր անձնական կեանքին մէջ, սեղմումներով ու գերծանրաբեռնուած աշխատելով շարունակեցինք ծառայել համայնքին, ամէնէն լայն տեղեկութիւններով ձեզ իրազեկ պահելով թէ՛ տեղական, թէ՛ համազգային իրադարձութիւններուն մասին:
Այս ոչ-յոբելենական տարին, «Ասպարէզ»ը, երկրի տնտեսական աւելի վարդագոյն պայմաններէն քաջալերուած եւ մեկնելով խմբագրութեան աշխատանքներու շարունակականութեան ապահովման մտահոգութիւններէն՝ պարտաւորուած կը զգայ արդէն իսկ տասը տարիէ աւելի նոյնը մնացած բաժանորդագրութեան սակը բարձրացնել, Օգոստոս ամիսէն սկսեալ:
Կ՛ուզենք շեշտել, սակայն, որ ինչպէս անցեալին, խմբագրութիւնս մի՛շտ պատրաստ է հասկացողութիւն ցուցաբերելու թոշակառուներուն, որոնք ընդհանրապէս կը վճարեն իրենց կարողութեան համաձայն:
Մեր քաղաքականութիւնը կը մնայ նո՛յնը. դրամի համար ոեւէ մէկը չզրկել հայկական թերթէն, «Ասպարէզ»էն: Չէ՛ք կրնար վճարել, մասա՛մբ կրնաք վճարել՝ մենք սիրով կ՛ընդառաջենք:
Փոխադարձաբար, վկայ եղած ենք բարեկամական լայն շրջանակի մը յօժարութեան՝ թերթը հովանաւորելու յաւելեալ նուիրատուութեամբ:
«Ասպարէզ»էն այս առթիւ իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ իր հաւատարիմ բաժանորդներուն, նուիրատուներուն, հովանաւորներուն, թերթին մէջ ծանուցողներուն, որոնց հաւաքական աջակցութեան շնորհիւ, տպագիր մամուլին համար ծանր պայմաններ բերած այս ժամանակներուն՝ թերթը ոչ միայն պիտի շարունակէ իր երթը, այլ պիտի կարենայ զարգացնել իր առցանց ներկայութիւնը բոլո՛ր հնարաւոր հարթակներու վրայ: