«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Խմբագրութիւնս անօրինակ քայլ մը կ՛առնէ այսօր՝ վաղուան «Ասպարէզ»ին մէջ լոյս տեսնել նախատեսուած խնդակցութիւն-շնորհաւորանքի յայտարարութեան տեղ տալով այս սիւնակին մէջ:
Ահաւասի՛կ.
«Պերճ Աշճեան ընդ Եոլանտա Պասմաճեան պսակադրութեան ուրախ առիթով, Սուրբ Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հովիւը, հոգաբարձութիւնը եւ յարակից մարմինները կը շնորհաւորեն նորապսակ զոյգը, հարազատները եւ մանաւանդ հոգաբարձութեան ատենադպրուհի՝ տէր եւ տիկին Սագօ եւ Մատլէն Աշճեանները, զոյգին մաղթելով առողջութիւն եւ յաջողութիւն»:
Առաջին հերթին, թէեւ չենք ճանչնար զոյգը, մենք ալ սրտանց կը միանանք շնորհաւորանքին եւ բարեմաղթանքներուն:
Այս յայտարարութիւնը տակաւին տեղ պիտի գտնէ վաղուան համապատասխան բաժինին մէջ: Մեր քայլը դրդուած է այն իրողութենէն, որ մեր համայնքի զաւակները ժլատ կը թուին ըլլալ իրենց ուրախալի առիթներուն, յաջողութիւններուն մասին յայտարարելու կապակցութեամբ, իսկ մենք չենք ուզեր թերթը միայն ցաւակցականներու ու մահազդներու հարթակ դարձնել:
Հպարտ չե՞նք մեր զաւակներուն դպրոցական յաջողութիւններով: Ուրախ չե՞նք զաւակ, բայց մանաւա՛նդ թոռնիկ կնքելով, նշանելով, ամուսնացնելով, կամ՝ նոր գործի, պաշտօնի անցնելով:
Վստահ ենք, որ հպա՛րտ ենք, եւ շատերս պիտի ուզէինք մեր շրջանակին հետ, կամ նոյնիսկ անկէ դուրս, կիսել մեր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը:
Ուրեմն՝ հրամմեցէ՛ք: «Ասպարէզ» սիրով կը հրապարակէ այս ուրախ խապրիկները եւ իբրեւ ընդհանուր մօտեցում՝ կ՛որդեգրէ անվճար յայտարարութեան կարգը:
Մենք այս տեսակի յայտարարութեանց տեղ տալը կը նկատենք հանրային ծառայութիւն: Անշո՛ւշտ, նուիրատուութիւնը չենք մերժեր, բայց եւ այնպէս, չենք ուզեր, որ մեր այդ ակնկալութիւնը խանգարող գործօն դառնայ մեր այս սրտա՛նց խնդակցութեան:
Պռավօ Ասպարէզ, յաջողութեան մաղթանքներով: