ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի զինուած ուժերու Արարատի ստորաբաժանման պայմանագրային զինծառայողներէն մէկը ականի մը պայթումի վիրաւորուած է:
Բեկորային վնասուածք ստացած պայմանագրային զինուորը տեղափոխուած է բժշկական կենդրոն: Անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար: