ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Ուրբաթ, 14 Յուլիսի յետմիջօրէին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ:
«Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան ողջունեց ներկաներն ու նախարարը:
Ապա նախարար Յակոբեան անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ նախորդող օրերուն Պիքֆայայի մէջ տեղի ունեցած «Սփիւռքը նոր հորիզոններու դիմաց. Սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը» խորագիրով համախմբումին՝ անոր ընթացքին քննարկուած հարցերուն ընդհանուր ներկայացումը կատարելով եւ շեշտելով, որ ինքնութեան պահպանման ծիրին մէջ անփոխարինելի եւ մեծ է թերթերուն դերակատարութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ յատուկ կերպով պէտք է ուշադրութիւն դարձնել երիտասարդութեան, ելեկտրոնային տարբեր միջոցներով միշտ փորձել անոնց հետ կապ պահել՝ միշտ ներկայացնելով հայկական իրականութեան մէջ պայծառ ու հպարտութիւն առթող դէմքերն ու դէպքերը, մղել զանոնք, որ հպարտ զգան իրենց հայկական ինքնութեամբ:
Նախարարը կարեւոր նկատեց նաեւ Արցախի նիւթը մնայուն լուսարձակի տակ պահելը, ազատագրուած հողի պահպանման համար պայքարին վրայ շեշտը դնելը, ինչպէս նաեւ անդրադառնալը Հայաստանի մէջ կատարուող բարեփոխումներուն, յատկապէս տնտեսական նոր քաղաքականութեան, որուն ճամբով առեւտրականներն ու գործարարները աւելի ընդարձակ կարելիութիւններ պիտի ունենան: Հրանոյշ Յակոբեան շեշտեց, որ լրատուամիջոցները պէտք է գործեն այնպէս, որ հայաստանեան քիչ մը բարդ թուացող օրէնքները աւելի պարզ ու մատչելի ոճով ներկայացուին գործարարներուն, որպէսզի անոնք գիտակցին, թէ հայրենիքի մէջ աշխատանքի նախաձեռնելու ի՛նչ կարելիութիւններ կան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով լրատուամիջոցներուն՝ սփիւռքի նախարարութեան բազմաբնոյթ ու բազմաճիւղ աշխատանքներուն մասին հանրային կարծիքը տեղեակ պահելնուն համար՝ ան կարեւոր նկատեց այս մէկը, որովհետեւ, ըստ նախարարին, լրատուամիջոցները նախարարութեան նեցուկը, զէնքը, դեսպաններն ու ներկայացուցիչներն են, որոնց ճամբով նախարարութիւնը իրազեկ կ՛ըլլայ Սփիւռքի պահանջներուն ու ակնկալութիւններուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայութիւնը կը ծանօթանայ նախարարութեան գործունէութեան:
Իր խօսքի վերջին բաժինով, սփիւռքի նախարարը խօսեցաւ Համահայկական 6րդ համաժողովին մասին, որուն շուրջ նախատեսուած է համախմբել 1500-1600 հայեր, ինչ որ ցոյց կու տայ հայութեան հզօրութիւնը, միասնականութիւնը: Նման նախաձեռնութիւն նաեւ ուժի ցուցադրութեան առիթ է՝ յաչս թշնամիին, ինչպէս նաեւ առիթ է տարբեր կողմերու միջեւ կապերու հաստատման, համագործակցութեան նոր հորիզոններու ստեղծման: Նախարարը խօսեցաւ համաժողովին ընթացքին տեղի ունենալիք ժողովներուն, կլոր սեղաններուն, մշակութային նախաձեռնութիւններուն եւ տրուելիք այցելութիւններուն մասին՝ մաղթելով, որ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները մասնակցին նման կարեւոր համաժողովի: