ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Անցեալ տարի դարձեալ Երեւան էի: Այդ օրերուն տակաւին Օգոստոս էր եւ անոր երեւանեանը, ու երկինքը բաւական մեծ ջերմութեամբ կը ժպտար: Կ՛ուզէի այդ օրն ալ չծուլանալ եւ մտովի վերանորոգուիլ: Թէեւ քաղաքի մեծ եւ յայտնի գրադարաններն ու գրախանութները կարգով այցելած էի, սակայն առիթով մը, երեւանաբնակ աշակերտուհիներէս Մատլէնէն խնդրած էի քանի մը «անանուն» գրադարաններ ալ այցելել: Անկեղծօրէն, կ՛ուզէի միշտ լսել հայ գիրքին «ձայնը»: Իրապէ՛ս, հայրենիքի կարօտիս կողքին՝ ընթերցումի սէրս ալ հետս Հայաստան բերած էի: Եւ այդ օր «մուրազ»իս հասայ…
Իսկ հիմա, երկար ժամեր այդ գրադարանէն ներս պտըտելէս եւ անոր փոշոտ գիրքերուն հետ «խաղալէս» ետք, դուրսը, «հայա»չին (բակին) մէջ կեցած, ինքնաբերաբար եւ ագահօրէն շուրջս դիտելով՝ Մատլէնին կը սպասէի: Ի տես աչքիս զարնուող անբացատրելի տեսարաններուն, խօսակցութեան ու շէնքի դրացիներու արտայայտութիւններու ձեւին ու ոճին, յաճախ յուսախաբ գլուխս կը շարժէի, մտովի ըսելով, թէ մեր ժողովուրդն ալ օտար քամիներուն անձնատուր եղած է՝ իր կենցաղով եւ վերաբերմունքով: Դաժա՛ն իրականութիւն:
Բայց… ահա՛ վերջապէս Մատլէնը երեւցաւ՝ ռուսական իր ինքնաշարժովը: Նստայ: Յոգնած կ՛երեւէր, քիչ մըն ալ ջղային: Ուստի, փորձեցի մթնոլորտը փոխել: Հարցը պարզ էր: Հեւքոտ կեանքի մը մէկ պատկերը: Իր մանչը դպրոցը ինկած էր եւ քիթը արիւնած, իսկ ինք՝ հոս-հոն վազած: Բայց եւ այնպէս, ես յանցանք չունէի: Այս մէկ բացատրութիւնը զիս քիչ մը աւելի հանդարտեցուց.
– Իսկ հիմա ո՞ւր կ՛երթանք,- ըսի վերջապէս եւ համարձակ:
– Անակնկա՛լ է, «ըսթազ» (պարոն),- ըսաւ շատ մտերիմ:
Կեանքը իսկապէ՛ս հետքրքրական էր: Այն աշակերտներուս համար, որոնց հայերէն դասաւանդած էի, ես «պարոն» կը կոչուէի, իսկ անոնց, որոնց՝ արաբերէն, «ըսթազ»ով կը ճանչցուէի: Այս ուրիշ հարց էր…
Յանկարծ «օ՜հ» բացագանչութիւն մը լսեցի: Մատլէ՛նն էր.
– Ի՞նչ եղաւ,- ըսի, գրեթէ վախցած:
– Հէ՛չ, հէ՛չ, հիմա կը շտկեմ,- ըսաւ ու նոյն փողոցին վրայ, ինքնաշարժին գլուխը դէպի ձախ դարձնելով՝ փորձեց ճամբան շարունակել։
– Սխալ ուղղութեամբ փողոց մտած էինք,- ըսաւ պարզ եւ յստակ:
Ցնցուեցա՛յ: Իսկապէս որ պատահածը մեծ սխալ էր: Մատլէնը ինքնաշարժը ուղղած էր փողոց մը, որ միայն դէպի վար «հոսք» ունէր: Մեր բախտէն՝ տեղւոյն վրայ ինքնաշարժի չհանդիպեցանք: Այլապէս… նո՛ր արկած մը…
– Լա՛ւ է,- ըսաւ ու սկսաւ ճամբան շարունակել:
Բայց ոստիկանական ինքնաշարժի մը ահազանգի ճչակն ու անոր հետեւող խռպոտ ձայնով հրահանգը խանգարեցին մեր ներքին հանդարտութիւնը:
Ա՛ռ քեզի անակնկալ, սիրելի՛ Մատլէնս, ըսի մտովի։
– Փորձա՜նք,- բացագանչեց Մատլէնը՝ զարմացած,- այս մէկը ուրկէ՞ բուսաւ:
Գլուխս պատուհանէս ծռեցի ու տեսայ կապոյտ-ճերմակ ոստիկանական ինքնաշարժ մը, որ իր զգուշացնող լոյսերը վարած՝ մեր ետեւէն կու գար:
Մատլէնը, իր կարգին, շուտով փողոցի աջ կողմը թեքուեցաւ ու կանգ առաւ, միաժամանակ ինծի ըսելով, որ եթէ մօտս քսան տոլարնոց մը ունէի, ապա զայն պատրաստէի ափիս մէջ:
Այսչա՛փ: Հասկցա՛յ: Կաշա՛ռք…
Անմիջապէս խնդրանքը կատարեցի ու գրպանէս «քսաննոց» մը հանելով՝ ձախ ափիս մէջ ամուր պահեցի: Ինծի այնպէս կը թուէր, թէ ինք չափազանց մտահոգ ու ջղային էր: Ինքնաշարժը կանգ առնելէ ետք, Մատլէնը իր պատուհանը բացաւ ու ինծի կարճ ու կտրուկ թելադրեց.
– Հաճիս չխօսի՛ք եւ չմիջամտէ՛ք, միայն մտիկ ըրէ՛ք…
Լռելեայն հնազանդեցայ:
Ոստիկանը, որ երիտասարդ տղայ մըն էր, նախ մօտեցաւ եւ յարգանքով աջ ձեռքը գլխուն մօտեցնելով՝ իր անունը տուաւ ու բարեւեց: Ապա քիչ մը աւելի ցած ծռելով՝ ինծի ալ «բարե՛ւ ծէծէ» ըսաւ:
– Հրամմեցէ՛ք, պարոն ոստիկան,- ըսաւ Մատլէնը՝ բաւակա՛ն քաջ:
Իմ կարգիս, անկեղծօրէն՝ վախցա՛ծ էի: Անձնապէս ոստիկաններէն կը խրտչէի, նոյնիսկ երբ ոստիկան մը տեսնէի, ձեւով մը կը վախնայի ու տեսակ մը անժամանակ քրտինք կը թափէի: Այս բոլորը թերեւս անոր համար, որ մանկութեանս, Հալէպի այդ մեր բազմաբնակ բակին մէջ, պարոն Արթին անունով դրացի մը ունէինք: Ծոյլ մարդ մըն էր, մի՛շտ սիկարէթը բերնին: Կինը կ՛աշխատէր, իսկ ինք տունը կը քնանար: Իսկապէ՛ս կը վախնայինք իրմէ, եւ երբ մեր խաղի ընթացքին մեր ձայները քիչ մը աւելի «բարձրացնէինք», անմիջապէս պատուհանէն կը պոռար.
– Ծօ՛, խելօք հա՛, սուս հա՛, հիմա «փոլիսը» (ոստիկանը) կը կանչեմ, ձեզի բանտ կը տանի, խելօք հա՛:
Ուստի, կը կարծէի, որ եթէ ոստիկանի մը հանդիպէի, ան զիս բանտ պիտի տանէր: Ահա՛ քեզի պատմութիւն… Վախ եւ հոգեկան կեցուածք: Իսկ հիմա՞… Հիմա՛ ալ նոյնն էր կարծես, այս տարիքիս վերջ… Ճիշդ էր, որ մեծ սխալ մը չէինք ըրած, այսպէս՝ քիչ մը ճամբայէն շեղած էինք… սխալ ուղղութեամբ գացած էինք, բայց… սխալը սխա՛լ էր, անոր մեծ ու պզտիկը չկայ:
– Ձեր թուղթերը, քոյրի՛կ ճան,- լսեցի ոստիկանին ձայնը:
Մատլէնը վայրկեանին կրկին իրար անցաւ: Նայեցայ երեսին… կաս-կարմիր եւ քրտինք… Աստուա՛ծ իմ, այս աղջիկը ի՞նչ եղաւ յանկարծ: Շուարեցա՛յ: Գլուխովս հարց տուի՝ այս ներքին տագնապին եւ իրարանցումին պատճառը հասկնալու համար։
– Կը ներէ՛ք,- լսեցի Մատլէնին ձայնը՝ գրեթէ աղաչական,- պայուսակս տունս մոռցած եմ, աճապարանքով տունէս ելայ եւ հիմա մօտս փաստաթուղթ չունիմ:
– Օ՜հ, այդպէ՛ս,- ըսաւ ոստիկանը տարբեր ոճով մը,- ուրեմն առանց արտօնագրի էք վարում «աֆթօ»ն… է՜հ, տուէ՛ք «ինշուրունս» ԱՊԱի՝ ապահովագրութեան թղթերը:
Հարցում եւ հարցում… Հիմա ես Մատլէնէ՛ն աւելի մտահոգ էի:
– Ա՛ն ալ մօտս չէ,- ըսաւ Մատլէնը, յանցանքին վրայ բռնուող աշակերտի մը նման, խղճալի ձայնով:
– Ի՞նչ,- զարմացած՝ կրկին անգամ հարցուց ոստիկանը:
– Ճի՛շդ լսեցիք, մօտս չէ՛: Ըսի՛ ձեզի, որ աճապարանքով տունէն ելած եմ եւ նոյնիսկ պայուսակս չեմ վերցուցած, մոռցած եմ, «օթօ»իս բանալին առնելով՝ արագ մը եկած եմ, որ «ըսթազ»ս վերցնեմ… ճշմարի՛տ կ՛ըսեմ:
Ահա՛ քեզի պատմութիւն եւ նոյնքա՛ն ալ վէպ: Ինչպէ՞ս կրնաս բացատրել այս դաշտանկարը։
Ոստիկանը գլխարկը գլուխէն հանեց: Քանի մը անգամներ գլուխը քերեց, ապա գլխարկը տեղը դնելէն ետք, քիչ մը աւելի ծռելով՝ ձեռքերը հանգչեցուց ինքնաշարժին, Մատլէնի կողքի պատուհանին վրայ, եւ երկար-բարակ բացատրեց, որ նման պատմութիւններ ամէն օր կը լսէ, եւ չի հաւատար: Սո՛ւտ ինքնարդարացում… Անիմա՛ստ պատճառաբանութիւն…։ Ապա, այս բոլորէն ետք, ան աւելցուց, թէ ինք պէտք է, որ մեզ ոստիկանատուն տանի եւ կանգառին մէջ պահ դնել տայ մեր ինքնաշարժը, մինչեւ որ Մատլէնը իր տունէն բերէ պահանջուած թուղթերը եւ տուգանքը «մուծէ»: Այսքա՛ն:
Մատլէնը, այս անգամ, տեղացիներուն նման կրկնեց իր պատմութիւնը եւ երդուեց.
– Ձեզ վստահեցնում եմ, պարո՛ն ոստիկան, հօրս արեւ, ես տանն եմ մոռացել ամբողջ «քիֆս» (պայուսակս):
Կարծես պիտի լար: Ճի՛շդ էր, որ Մատլէնը սուտ չէր խօսեր, բայց՝ «եկուր եւ հաւատացուր այս մարդուն»…։ Իր կարգին, ոստիկանը, չեմ գիտեր որքա՛ն ատեն զինք դիտեց՝ միւս կողմէ ալ աչքին ծայրովը զիս չափելով: Բայց ինծի ոչ մէկ հարցում հարցուց: Այո՛, ես բաժին չունէի, բայց վերջապէս տարիքոտ «վկայ» մըն էի…
– Լա՛ւ, լա՛ւ, հաւատո՛ւմ եմ ձեզ, քոյրի՛կ ճան, մի՛ յուզուէք… առայժմս գնացէ՛ք եւ այսուհետեւ նման «ղալա»չներ (սխալներ) չանէ՛ք, խնդրում եմ… Բարի՛ օր,- ըսաւ եւ հրահանգեց, որ մեր ճամբան շարունակենք:
Վայրկեանի՛ն ես ու Մատլէնը իրարու երես նայեցանք: Նախ՝ իսկապէս որ մեր ականջներուն չհաւատացինք: Բայց… հրա՛շք: Տակաւին քսան տոլարնոցս, ափիս մէջ, մատներուս կպած՝ երակներուս հետ միասին կը դողար: Ա՛ն ալ քրտնած էր: Ինծի համար յստակ էր, որ կաշառակերութիւն ըսուած այդ արեւելեան եւ կարծես՝ մարդկային վառ իրականութիւն-արարքը, հիմա զարնուած էր այս ոստիկանի խիղճին ու փշուր-փշուր եղած էր, փխրուն արձանի մը նման:
Իրապէ՛ս, հայ ոստիկանը աչքիս մեծցած էր: Ան հիմա ինծի համար գերազանցօրէն հա՛յ էր: Մինչ այդ, ինչ մեղքս պահեմ, ես ալ շատերու նման կը կարծէի, թէ հայրենիքիս մէջ հայ հոգին կորսնցուցած էր իր բանալին, եւ թէ հայը ցուրտ էր, ե՛ւ խարդախ, ե՛ւ նիւթապաշտ… Սակայն, այդպէս չէ՛ր:
Հիմա, այդ փողոցին մէջ, գիտակցութեանս առջեւ մարդկային մաքուր եւ բարի նկարագիրը պարզուած է… Նոր մարդկութիւն: Նոր երիտասարդ հայ: Բայց, կը մտածեմ, արդեօք մէկ ծաղիկով գարուն կու գա՞յ: Եթէ ուզենք… գարունը անպայմա՛ն կու գայ։ Կարեւորը՝ մեր կա՛մքն է: Մեր մտածելակե՛րպը:
Այս տեսարանը, խորքին մէջ, մեզի կը պարտադրէր յստակ իրականութիւն մը: Մէկ խօսքով՝ մաքուր տպաւորութիւն մը, որ մէջս, իբրեւ գեղեցիկ երեւոյթ, վայրկեանին ապրեցուց յոյսի մը ուրախութիւնը: Յոյս մը՝ որ վաղը կամ օր մը, այս ծաղիկը կրնայ իր նմանները ունենալ, գտնել եւ՝ «գարունանալ»:
– Ահա՛ քեզի ճկուն, կայտառ ու վաղուան հզօր հայութիւն,- ըսի ես ինծի,- որոնց մէջ թագնուած է վեհութեան եւ յաւերժութեան խորհուրդը:
Ու հոգիս կրկին անգամ ջերմացաւ տեսակ մը անբացատրելի ջերմութեամբ, որ նոյնիսկ անուն չունի, որովհետեւ այդ օր, ինծի համար, նոր հայը ճանաչելի դարձած էր: