ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Նախաձեռնարկ մարմնի երէկուան (Երկուշաբթի, 10 Յուլիս-Խմբ.) անդրանիկ ժողովը կարեւոր նշանակութիւն ունի թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ: Կազմուած է դիւանը ու որդեգրուած՝ ճանապարհային քարտէս մը, գոնէ մօտաւոր կամ տեսանելի ապագային համար:
Այս բոլորը արդէն կու գան ապացուցանելու, որ այլեւս անշրջադարձելի հունի մը մէջ է պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը: Վերջին ինն տարիներու տագնապալի կացութենէն դուրս գալու ճանապարհին անկիւնադարձային իրադարձութիւն մըն է այս մէկը: Նախաձեռնարկ մարմնի մը գոյութիւնը եւ գործունէութիւն ծաւալելը կը նշանակէ, որ համայնքի օրակարգի թիւ մէկ նիւթն է պատրիարքական ընտրութիւնը՝ ինչպէս որ նոյնը ի զօրու է տեղապահի պարագային: Անցումային շրջան մը կազմակերպելու բոլոր նախադրեալները այլեւս գոյացած են: Բնականաբար, առայժմ տակաւին առաջին քայլափոխն է եւ համայնքին առջեւ կայ մեծ գործ մը, որուն իրականացումը պիտի համակարգուի նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ: Յամենայնդէպս, ընթացակարգային առումով պայմանները գոյացած են:
Երէկուան անդրանիկ ժողովէն սկսեալ նախաձեռնարկ մարմինը սկսած է հաշուի առնելու շատ կարեւոր խնդիր մը, որ, խորքին մէջ, կը գտնուի թրքահայութեան վերջին շրջանին մատնուած վարչական ու ներկայացուցչական տագնապի կիզակէտին: Սա մեր եկեղեցիներու ընտրողներու ցուցակներու այժմէականացման ու կատարելագործման հարցն է:
Պատրիարքական ընտրութեան խնդիրը մէկ կողմ, մեր ամբողջ հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ընտրութիւններու միջոցաւ վերանորոգութեան ճանապարհը խցանուած է այս խնդրին հետեւանքով: Վերջին շրջաններուն մեր համայնքային ընտրութիւնները սկսած են վիճարկուելու դատարաններու մօտ: Ընտրական համակարգին նկատմամբ անվստահութիւնը՝ համաճարակի մը նման սկսած է փտեցնելու մեր համայնքին նաւը: Համատարած այս հարցերը յաղթահարելու անհրաժեշտ նախապայմաններէն մին է՝ ընտրողներու ցուցակներուն վրայ տանիլ մանրակրկիտ, նախանձախնդիր աշխատանք: Սա կ՛ենթադրէ նաեւ մեր բոլոր եկեղեցիներու մատակարար մարմիններուն կողմէ կամք ու համագործակցութիւն:
Պատրիարքական ընտրութեան պարագային իւրաքանչիւր եկեղեցի կը համարուի մէկ ընտրատարածք կամ ընտրաշրջան: Այսինքն, թէ՛ պատրիարքի ընտրութեան եւ թէ միւս ընտրութիւններու պարագային, կազմակերպչական խնդիրներ լուծելու տեսանկիւնէն կարեւոր հնարաւորութիւն մըն է այս մէկը: Մէկ քարով մէկէ աւելի թռչուն որսալու կարելիութեան մը կրնայ վերածուիլ այս գործը: Տակաւին աւելի՛ն, թրքահայութեան նման սահմանափակ մարդուժով հաւաքականութեան մը ներուժը առողջ եւ իրատես ձեւով հաշուարկելու եւ ըստ այդմ ապագայ կազմակերպելու տեսանկիւնէն ալ օգուտներ քաղել կարելի կրնայ ըլլալ նախատեսուած աշխատանքին շնորհիւ:
Կարճ խօսքով, նախաձեռնարկ մարմինը առաջին քայլափոխին տեղին դիտարկումով մը առաջնահերթութիւն կը դարձնէ շատ կարեւոր հարց մը, որուն դրսեւորումները վերջին շրջանին ունեցան ծանր հետեւանքներ եւ այդ բոլորին շարունակութիւնը կրնայ լրջօրէն սպառնալ մեր հաւաքական կեանքի ապագային:
Ուրեմն, բարի երթ Նախաձեռնարկ մարմինին պատմական առաքելութեան ճանապարհին:
Երեքշաբթի, Յուլիս 11, 2017