ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի նիստը, որուն յաջորդեց Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի համատեղ ընդլայնուած նիստը, որուն մասնակցեցան Դաշնակցութեան Հայաստանի մարզային կոմիտէներու ներկայացուցիչներ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գործադիր մարմինի Դաշնակցութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Նիստին բացումը կատարելով՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան ընդգծած է նման հանդիպումի մը կարեւորութիւնը՝ շեշտելով, որ կայ պարբերաբար անհրաժեշտութիւն յետահայեաց արժեւորելու կատարուած աշխատանքը, վեր հանելու խնդիրները ու գտնելու անոնց լուծումները:
«Դաշնակցութեան մասնակցութիւնը ՀՀ կառավարող կօալիցիային ինքնանպատակ չէ. մենք ընդունեցինք կօալիցիայի մաս կազմելու առաջարկը, որպէսզի մասնակիցը դառնանք երկրում արմատական փոփոխութիւնների իրականացմանը», նշած է Մարգարեան:
Նիստին զեկոյցներով հանդէս եկած են Հայաստանի կառավարութեան անդամ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ նախարարները: Անոնք ներկայացուցած են այն հիմնական ծրագիրները, որոնք կ՛իրականացուին այս հանգրուանին:
Հարց ու պատասխանէ եւ քննարկումներէ ետք պատրաստուած է ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի համատեղ յայտարարութիւն մը, որ պիտի հրապարակուի յառաջիկային: