ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, Յուլիս 11ին, Կլենտէյլի քաղաքային իշխանութիւնները պաշտօնապէս յայտարարեցին, թէ քաղաքին նորակազմ՝ Նորարարութեան, գործադրութեան եւ հաշուեքննութեան բաժանմունքին անդրանիկ վարիչը նշանակած են Էլենա Պոլպոլեանը։
Պոլպոլեան երկար տարիներէ ի վեր քաղաքին պետական համակարգին սպասարկութիւններ կը մատուցէ։ Արդարեւ, ան 1993ին, իբրեւ երիտասարդ պաշտօնեայ՝ մաս կազմած էր քաղաքին Երիտասարդական միութեան նախաձեռնած երիտասարդնետու յատուկ աշխատանքային ծրագիրին, որմէ ետք ան փոխանցուած էր համայնքին հետ յարաբերութեանց մարզ՝ դառնալով հանրային կրթութեան մարզի խորհրդատու եւ ապա՝ վարձու բնակարաններու քննիչներու բաժանմունքի վերլուծող։
Քաղաքին բարգաւաճման բաժանմունքին միջոցաւ, ան հետեւած է Մոնթրոզի մէջ «Թրէյտըր Ճո՛զ»ի շինարարութեան եւ Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահի վերանորոգման քանի մը նախաձեռնութիւններու։
2015ին Պոլպոլեան ստանձնած էր քաղաքին Համայնքային զարգացման բաժանմունքին փոխվարիչի պաշտօնը եւ ներկայիս ստանձնած է անոր երկու ենթաբաժանմունքներուն՝ վարչական եւ թաղային սպասարկութեանց, ղեկավարութիւնը։
Կլենտէյլի վարժարաններէն շր-ջանաւարտ Պոլպոլեան համալսարանական ուսումը շարունակած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (Պսակաւոր արուեստից վկայական) եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին (Մագիստրոս արուեստից) մէջ։