ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Ամառնային շրջանին, երեք ամսուան երկայնքին, Երեւան քաղաքի կեդրոնը կը ստանայ ամէնօրեայ տօնական վիճակ: Մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը, սրճարանները, ճաշարանները լեցուն են յաճախորդներով՝ տեղացի, օտարական, զբօսաշրջիկ: Փողոցները խճողուած՝ անհոգ ու հոծ ամբոխի վերիվայր շրջագայումով: Ամառնային տօթը իրիկուան ժամերուն տեղի կու տայ մերթ զօրաւոր քամիի եւ մերթ զեփիւռի հաճելի հոսանքի, որ փողոցներով քալելը կը դարձնէ զբօսնելի՝ մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը:
Զբօսաշրջութիւնը դարձած է տնտեսութեան զարգացման կարեւոր խթաններէն մին եւ կառավարութեան յատուկ ուշադրութեան առարկան: Դարձած է նաեւ համազօր շռայլութեան՝ շքեղ ինքնաշարժներու, շքեղ հագուստ-կապուստի, շքեղ ապարանքներու, որոնք խոտոր կը համեմատին տնտեսական ճգնաժամ ապրող երկրի պատկերին: Քաղաքին կեդրոնի այս պատկերը տեսնողը բնա՛ւ չի պատկերացներ, որ երկիրը շրջափակման մէջ է, եւ որ Արցախի եւ Հայաստանի սահմանին ամէնօրեայ բախումներ տեղի կ՛ունենան, զինուորներ կը զոհուին դիրքերու վրայ:
Ընդհանրապէս, մայրաքաղաքը եւ գաւառները զարգացման տարբեր շրջաններ կ՛ապրին: Մայրաքաղաքի ունեւոր դասը ունի ապրուստի ուրիշ չափանիշներ, որոնց վրայ կ՛աւելնան սփիւռքահայ եւ օտար զբօսաշրջիկներու մեծ հոսքին նիստ ու կացը բաւարարելու պահանջները: Սակայն, այս իրավիճակը պէտք չէ մոռցնէ երկրի թշուառութեան աստիճանը, տնտեսական ճգնաժամը եւ մշակութային պարապը:
Կառավարութեան պարտականութիւնն է մայրաքաղաքի կեդրոնէն դուրս՝ արուարձաններու, միւս քաղաքներու եւ գիւղական շրջաններու զարգացումը: Դրսեցիներու, Սփիւռքի զգօնութիւնը այս երեւոյթներուն հանդէպ անհրաժե՛շտ է, սրբագրելու համար զարգացման անհամաչափութիւնը: Ո՛չ ոք անտարբեր է սահմանի զինուորներու մահուան, սակայն՝ առանց որեւէ բան զիջելու իր հաճոյքէն, իր զբօսանքէն: Հասարակ ժողովուրդին մէջ կը մեծնայ անարդարութեան զգացումը՝ իր ամէնօրեայ զրկանքի, ճակատի վրայ իր զաւակներու մահուան եւ մայրաքաղաքի կեդրոնի զբօսաշրջային խրախճանքային մթնոլորտի անհարթութենէն։
Տժբախտաբար աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ նոյնը կը պատահի: Անցեալ շաբաթ Լիբանան ապրող քենիիս հետ խոսեցայ եւ տխուր պատկեր տուաւ երկրին մասին: Նոյն օրը, Պէյրութէն նոր հասած ազգականի մը պատմեց երկրին մէջ տիրող վիճակին մասին: Ամէն օր նոր ճաշարան կը բացուի, ամէն օր այդ ճաշարանները լեփ-լեցուն են,,, Ինջպէ՞ս կ’ըլլայ այդ հարցումիս, ուսը թօթուելով մարդ չի հասկնար:
Նոյն վիճակն է երկու երկիրներուն մէջ, պարզապէս: Ոմանք կը վայելեն, ուրիշներ կը տառապին: