«Արմէնփրէս»ը՝ վկայակոչելով չեխական radio.cz լրատուական կայքը, կը հաղորդէ, թէ «Ինթըրփոլ»ը մերժած է Եւրոխորհրդարանի չեխ պատգամաւոր Եարոմիր Շթեթինան ձերբակալելու իրաւունք տալու Ատրպէյճանի խնդրանքը:
Ատրպէյճանի կողմէ այդպիսի դիմում ներկայացնելու պատճառ հանդիսացած է Փետրուարին Շթեթինայի Լեռնային Ղարաբաղ այցը, որուն ընթացքին ան դատապարտած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ իրականացուած գործողութիւնները:
Չեխական կողմը այս առիթով յայտարարած է, թէ Ատրպէյճան այս քայլով կը ցանկայ խուսափիլ միջազգային հանրութեան կողմէ իրեն մասին բացասական արձագանգներէն ու գնահատականներէն:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները Փետրուար 22ին տեղեկութիւններ տարածած էին, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները միջազգային հետախուզում յայտարարած են Եւրոմիութեան խորհրդարանի պատգամաւորներ Ֆրանք Էնկըլին (Լիւքսեմպուրկ), Էլենի Թէոխարոսին (Կիպրոս), Եարոմիր Շթեթինային (Չեխիա) դէմ, Արցախ այցելելու եւ սահմանադրական հանրաքուէին ընթացքին դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու համար: Շթեթինայի վերաբերեալ դիմումին մերժումը ատրպէյճանական տխրահռչակ «սեւ ցուցակ»ի ձախողութիւնն է: