ՊՐԻԶՊԸՆ, Աւստրալիա, «Արմինիըն Ուիքլի».- Երեքշաբթի, Յուլիս 11ին, Ցեղասպանագէտներու Միջազգային միութեան համագումարին ընթացքին, միութեան նախագահ ընտրուած է հայազգի ցեղասպանագէտ Հենրի Թերիօն։
Ան յայտարարած է, թէ ցեղասպանութեան վտանգը կը սպառնայ աւելի ցցուն դառնալ՝ ազգայնամոլութեան եւ աշխարհի տարածքին այլ ծայրայեղականութեանց մտահոգիչ աճին իբրեւ հետեւանք, որոնք կը սպառնան ձախողութեան մատնել ցեղասպանութիւններուն առաջքը առնելու նպատակով տարուող ջանքերը։ Ան աւելցուցած է, թէ այս բոլորին պատճառով, Ցեղասպանագէտներու Միջազգային միութիւնը պէտք է աւելի աշխոյժ գործունէութիւն մշակէ եւ աւելի նախաձեռնող մարմին մը դառնայ։
Իմաստասիրութեան մէջ իր դոկտորան Մեսեչուսեցի համալսարանէն ստացած Թերիօ կը դասաւանդէ Ուուսթըրի նահանգային համալսարանին մէջ (Մեսեչուսեց), եւ 1999-2007ին եղած է այդ համալսարանի Մարդկային իրաւանց ուսմանց կեդրոնի համակարգողը։
Ան մասնագիտացած է յատկապէս ցեղասպանութեանց զոհերուն վնասուց հատուցում ապահովելու մարզին մէջ եւ գլխաւոր հեղինակը եղած էր 2015ի Մարտին հրապարակուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցումներու ուսումնասիրման խումբի տեղեկագիրին։
Դոկտ. Հենրի Թերիօ դասախօսած է եւ գիտաժողովներու մասնակցած Միացեալ Նահանգներու տարածքին, ինչպէս նաեւ հետեւեալ երկիրներուն մէջ՝ Հայաստան, Թուրքիա, Արցախ, Լիբանան, Աւստրալիա, Ճափոն, Հարաւային Քորէա, Ռուանտա, Բրիտանիա, Ֆրանսա, Պելճիքա, Իտալիա, Արժանթին եւ Գանատա։ Ան հիմնադիր համախմբագիրն է ցեղասպանութեան ուսմանց նուիրուած միջազգային հրատարակութեան՝ «Genocide Studies International»ին, եւ խմբագրած է ցեղասպանութեանց առնչուող այլ հրատարակութիւններ։
Թերիօ նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցումներու ուսումնասիրման խումբի ատենապետն է եւ կը հանդիսանայ Ցեղասպանագէտներու Միջազգային միութեան առաջին հայ նախագահը։
Մենկ հպարտ ենգ որ հայ ևնգ եվ ։եէրբէկ մէր արթար իրավունգը չէն մորանար։գանիվոր կան աշխարգի մէչ ։ճիշտ խոսող ։անցնապէս ։շնորհակալութեուն կը հաետնէմ