ՎԻԵՆՆԱ.- Երեքշաբթի, 11 Յուլիսին, Մաուրպախի մէջ (Աւստրիա), ԵԱՀԿ արտաքին գործոց նախարարներու ոչ-պաշտօնական հանդիպման ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումը:
Նախարարները անդրադարձան երկկողմ փոխգործակցութեան շարք մը հարցերու՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականցման:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային հրատապ խնդիրներու շուրջ:
Հանդիպման օրակարգին վրայ էր ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը: Այս ծիրին մէջ երկու կողմերը շեշտեցին Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման անհրաժեշտութիւնը: