ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Յուլիս 5ին տարածեց գրաւոր յայտարարութիւն մը՝ հայկական զինուած ուժերը մեղադրելով Յուլիս 4ի գիշեր Ֆիզուլի շրջանին մէջ ատրպէյճանական գիւղ մը ռմբակոծելու յանցանքով, որուն իբրեւ հետեւանք, ըստ նոյն աղբիւրին, գիւղի բնակիչներէն երկու անձ մահացած է:
Անգարա հայկական կողմը կը մեղադրէ Արցախի հիմնախնդիրին խաղաղ կարգաւորման գործընթացը դիտումնաւոր կերպով խոչընդոտելու յանցանքով, անհրաժեշտ համարելով միջազգային հանրութեան կողմէ Հայաստանի վրայ համապատասխան ճնշում գործադրելը, որպէսզի հայկական ուժերը՝ «անյապաղ հեռանան գրաւեալ տարածքներէն»:
«Ատրպէյճանի տարածքներուն մէկ հինգերորդը գրաւած Հայաստանի այս նողկալի արարքը, բացայայտօրէն ցոյց կու տայ սահմանամերձ շրջաններու ուղղութեամբ կատարուող սադրանքները, որոնք թիրախ կը դարձնեն խաղաղ բնակիչները, մասնաւորապէս կիներն ու երեխաները, հակասելով միջազգային իրաւունքին եւ մարդասիրական արժէքներուն», ըստ Թուրքիոյ պետական «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան՝ ըսուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Հոն նաեւ նշուած է, որ Թուրքիա, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի անդամ, պիտի շարունակէ իր ջանքերը՝ աջակցելու Արցախի տագնապին արդար լուծման, «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան ծիրէն ներս»։