«Ամէն բարի գործ աղօթքով կը սկսի», յայտարարած էր Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան, Յունիս 12ին՝ Ճամբարի բացման օրը: Տէր Շնորհքի օրհնաբեր ներկայութեամբ մեկնարկուած գործը տուաւ իր բացառիկ արդիւնքը: Արդարեւ, օրէ օր գերաճող մասնակից աշակերտներուն թիւը ցուցանիշ է այն իրողութեան, որ Աստուածային սիրոյ ու փոխադարձ յարգանքի չափանիշները կու տան համապատասխան արդիւնք: Ծխական խորհուրդը, յանձին ատենապետ Պարգեւ Համալեանի, սիրով ընդառաջելով՝ անվերապահօրէն նեցուկ կանգնեցաւ Սիրվարդ Կաւուքջեանի նախաձեռնութեան, որուն բոլորանուէր ճիգին, կորովին ու երաժշտական հմտութիւններուն արգասիքը վայելեցին բոլոր ծնողները Ուրբաթ, 24 Յունիսի յետմիջօրէին, Կոմիտասի նուիրուած հանդէսին ընդմէջէն:
Յայտագիրը նուիրուած էր Կոմիտասին: Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ երկնակամարներուն տակ, աշակերտները յատուկ ներշնչումով յաջորդաբար ելոյթ ունեցան՝ երգելով Կոմիտասի «Կաքաւիկ»ը, «Իմ չինարի եարը», «Սոնա եար»ը եւ աւագ խումբը «Ալագեազ»ը երգեց բացառիկ ու հրաշալի կատարումով, հանդիսատեսին պարգեւելով անխառն վայելքի անփոխարինելի պահեր, ինչպէս վկայեց ներկայ արուեստագիտուհի մը: Աւելին, Կոմիտասի «Կռունկը» հնչեց 14 տարեկան Արազ Արապեանի հրաշալի ձայնով: Իսկ Ցոլեր Տէր Ներսէսեան իր գողտրիկ ելոյթով հանդէսին փակումը կատարեց Կոմիտասի «Քելէ քելէ»ով:
Ընդամէնը երկու շաբաթ հազիւ բոլորած, աշակերտները կրցած էին Կոմիտասի կեանքին ծանօթանալ, հայերէնով ու անգլերէնով ներկայացնելով զինք: Նպատակասլաց ու մշակութանուէր այս գործունէութիւնը կարճ միջոցի մէջ արդարացուցած էր բոլորին ակնկալութիւնները:
Երաժշտութեան թովչանքը կրցած էր գերել աշակերտներուն հոգիները. անոնք լաւ գործ մը կատարողի արդար հպարտութեամբ, իրենց գլուխները բարձր ու հպարտ երգեցին, ծնողներուն նուիրելով քաղցր յոյզեր եւ անցեալի յուշեր:
Ահաւասիկ օրական մէկ ժամ աշխատանքով, կարելի եղաւ հայ երաժշտութեան գեղեցիկ պատառիկներէն սորվիլ՝ մնայուն սեփականատէրը դառնալով հայ արուեստի անկորնչելի արժէքներուն:
«Հայապահպանման համար ջանք պէտք չէ խնայուի», կը յայտարարէ Սիրվարդ, ծնողները զօրաշարժի ենթարկելով, որ ջանք չխնայեն իրենց զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւն տալու, իր կարգին մեծագոյն զոհաբերումի խորհրդանիշը համարուող բարերարուհին, մղիչ ուժն ու գլխաւոր լծակն է այս ազգանուէր առաքելութեան: Սիրվարդ Կաւուքջեան ոչ միայն ազգային, այլ նաեւ մարդկային ազնուագոյն յատկանիշներով, կու գայ յիշեցնելու մեր անցեալի այն հայրենասէր թագուհիները, որոնք իրենց գոհարեղէնները նուիրեցին յանուն հայրենիքի փրկութեան:
Ահաւասիկ իր լուման՝ յանուն ազգապահպանման:
Թղթակցութիւնը՝ Եկեղեցիէն