ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ըստ կառավարութեան առընթեր պետական եկամուտներու կոմիտէի տրամադրած տուեալներուն՝ 2017ի Յունուարէն Մայիս ամիսներուն, Հայաստանի Հանրապետութիւն ներածուած է 749.7 թոն մարդասիրական օգնութիւն, որուն արժէքը կազմած է 36,869,500 դրամ:
Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ստացուած օգնութեան 90.3 տոկոսը կազմած ՝ քիմիական եւ անոր հետ կապուած արդիւնաբերութեան ճիւղերու արտադրանքը, 2.8 տոկոսը՝ մանածագործական իրերը, 2.2 տոկոսը՝ մեքենաներ եւ սարքաւորումներ, 1.5 տոկոսը՝ գործիքներ, 1.4 տոկոսը՝ տարբեր արդիւնաբերական ապրանքներ, 0.5 տոկոսը՝ պատրաստ սնունդի արտադրանք:
Այս ժամանակահատուածին, Հայաստանին տրամադրուած մարդասիրական օգնութեան ծաւալներուն 5,9 տոկոսը եկած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, 8 տոկոսը՝ Եւրոմիութեան երկիրներէն, 7.2 տոկոսը՝ Զուիցերիայէն, 3 տոկոսը՝ Չինաստանէն: