Շաբաթ, 24 Յունիս 2017ի երեկոյեան, Պեվըրլի Հիլզի «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ կայացած ՀՄԸՄի 42րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու յաղթանակի պարահանդէսը հանդիսացաւ իւրայատուկ առիթ մը՝ պատուելու եւ փառաբանելու այս կազմակերպութեան գաղափարական սկզբունքները: Այդ երեկոյ, թէ՛ պատուոյ նախագահին եւ թէ «Տիպար ՀՄԸՄական»ին մատուցուած յարգանքին ընդմէջէն ընդգծուեցան այս մեծ կազմակերպութենէն ներս ե՛ւ կամաւոր աշխատանքին վեհութիւնը, ե՛ւ երիտասարդութեան առողջ դաստիարակութեան ի նպաստ տարուող ճիգերը։
Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի հիւպատոս Արմելա Շաքարեան, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւթեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի անդամ Կարօ Իսբէնճեան, անցած տարուան Նաւասարդեանի պատուոյ նախագահ Խաչօ եւ Արաքսի Աչաճեաններ, ներկայի 42րդ Նաւասարդեանի պատուոյ նախագահ Վիգէն եւ Նոնօ Աբէլեաններ, «Տիպար ՀՄԸՄական»՝ տոքթ. Շահէ եւ Անի Ենիգոմշեաններ, նախորդ տարիներու պատուոյ նախագահներ եւ Տիպար ՀՄԸՄականներ, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ, նուիրատուներ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄականներու եւ համակիրներու հոծ բազմութիւն մը՝ շուրջ 550 հոգի:
Երեկոյի պաշտօնական բաժինը սկսաւ Ամերիկեան, Հայկական եւ ՀՄԸՄի քայլերգներով, կատարողութեամբ՝ Իվանա Գրիգորեանի: Ապա, Շրջ. վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան հրաւիրուեցաւ բեմ, իր ողջոյնի եւ բացման խօսքը փոխանցելու: Ան դիտել տուաւ, որ հաւաքուած ենք տօնախմբելու ՀՄԸՄի Նաւասարդեանի յաղթանակը. «42 տարիներու ընթացքին, մարզախաղերու հսկայական ծաւալումը, մարզիկներու եւ մասնակցող խումբերու աճը, նոր մարզատեսակներու ընդգրկումը, ինչպէս նաեւ զօրաշարժի ենթարկուած մեր հազարաւոր անդամներն ու համակիրները՝ Նաւասարդեանը դարձուցած են Սփիւռքի ամենամեծ եւ ամենակազմակերպուած ձեռնարկը»:
Ան ուրախութեամբ յայտարարեց կազմութիւնը շրջանէս ներս «Կիլիկիա» անուանակոչուած նոր միաւորին, ապա տեղեկացուց, թէ յատուկ ճիգ թափուած է Իրաքէն եկած ու այստեղ հաստատուած ՀՄԸՄականները մեր կազմակերպութեան մէջ ընդգրկելու համար, որովհետեւ՝ «այս եղած է ՀՄԸՄի առաքելութիւնը հարիւր տարիէ ի վեր, ու այդպէս ալ պիտի մնայ: ՀՄԸՄը իրարու քով պիտի բերէ հայ երիտասարդները, անոնց տալով ազգային դաստիարակութիւն, հայկական եւ մարզական առողջ մթնոլորտ»:
Ապա, ան հպարտութեամբ ներկայացուց այս տարուան 42րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Վիգէն եւ Նոնօ Աբէլեան ամոլը, ինչպէս նաեւ «Տիպար ՀՄԸՄական»ի պատիւին արժանացած տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեանը:
Խօսելով Վիգէն Աբէլեանի մասին՝ Մանուէլ Մարսէլեան ընդգծեց այն փաստը, որ եղբայրը փոքր տարիքէն իսկ (Լիբանան) անդամակցած է ՀՄԸՄին՝ իբրեւ մարզիկ եւ սկաուտ, ապա իր գործունէութիւնը շարունակած է Օրենճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղին մէջ՝ իբրեւ վարչական (ատենապետ, գանձապահ եւ մարզական պատասխանատու), ընտրուած է Շրջ. վարչութեան անդամ եւ մաս կազմած կեդրոնական թէ շրջանային մակարդակի զանազան յանձնախումբերու: Վիգէն Աբէլեան նաեւ մասնակցած է ներկայացուցչական եւ պատգամաւորական բազմաթիւ ժողովներու, ինչպէս նաեւ այս ժողովներու որոշումները գործադրող զանազան յանձնախումբերու:
Մանուէլ Մարսէլեան ապա ներկայացուց տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեանը՝ իբրեւ անձ, որ միշտ եղած է պատնէշի վրայ ու գործած է լրջօրէն, երբեմն նոյնիսկ՝ առա՛նց պաշտօնական հանգամանքի: Շրջ. վարչութեան ատենապետը այս առթիւ ըսաւ. «Եղբա՛յր Շահէ, տարիներ շարունակ դուք եղած էք արժէքաւոր ՀՄԸՄական մը բոլորի՛ս համար. ձեր խոնարհ ու լուռ բնաւորութիւնը մեզ բոլորս կը մղէ առաւելագոյն չափով արդիական մեթոտներով դաստիարակելու մեր երիտասարդները: Դուք ձեր անձին մէջ կը մարմնաւորէք տիպար ՀՄԸՄականի իսկակա՛ն արժէքը՝ ՀՄԸՄին նկատմամբ ձեր ունեցած հաւատքով, ու այս պատճառով ալ բոլորս երախտապարտ ու շնորհակալ ենք ձեր նուիրումին համար»:
Ատենապետ Մարսէլեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը, շրջանի 6300 անդամներուն անունով, ՀՄԸՄի 100ամեակի սեմին՝ կ՛ուխտէ շարունակել մեզի յանձնուած առաքելութիւնը, որ սկսած էր դար մը առաջ եւ պիտի շարունակուի յաջո՛րդ հարիւրամեակին եւս»:
Ջերմ ծափահարութիւններու ընդմէջէն բեմ հրաւիրուեցան տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան եւ Շրջանայինի փոխատենապետ Սաքօ Կարապետեան: Շրջանային վարչութիւնը «Տիպար ՀՄԸՄական»ի յուշատախտակը յանձնեց տոքթ. Շահէին: Ապա Սաքօ Կարապետեան սեղմ տողերով ներկայացուց «Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսին արժանացած եղբայրը, ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄականի կեանքէն առնուած անոր լուսանկարներու ցուցադրութեան:
Տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան ծնած է Պէյրութ, աւարտած է Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, ապա շրջանաւարտ եղած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն՝ իբրեւ բժիշկ: Բժշկական ուսումը շարունակած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, իբրեւ փոխանցիկ հիւանդութիւններու մասնագէտ: Ան վեց տարեկանին անդամակցած է ՀՄԸՄին՝ իբրեւ գայլիկ, ապա եղած է նաեւ մարզիկ: 1970ականներու սկիզբները եղած է մասնաճիւղի սկաուտ խմբապետ ու այդ նոյն տարիներուն, երբ ՀՄԸՄը կ՛օժտուէր համահայկական կառոյցով, Շահէ իր ներդրումը ունեցած է նոր կառոյցի սկաուտական կանոնագիրի մշակման մէջ: Մասնակցած է ՀՄԸՄի տեղական ու համահայկական բազմաթիւ բանակումներու։ Գործած է Կեդրոնական վարչութեան յառաջացուցած բազմաթիւ յանձնախումբերու, ներառեալ՝ ռազմավարական ծրագրումի յանձնախումբին: Երկար ժամանակ գործած է Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային կառոյցէն ներս, առաւելաբար՝ դաստիարակչական եւ ապագայի ծրագրումի մարզերուն մէջ: Մասնակցած է հինգ Պատգամաւորական ժողովներու եւ հեղինակ է ՀՄԸՄի դաստիարակչական աշխատանքներուն առնչուող բազմաթիւ յօդուածներու: Այս բոլորին ընդմէջէն ներկայացուեցաւ ՀՄԸՄին համար երկար տասնամեակներ կամաւոր կարգով ծառայած՝ նուիրեալ ու վառ անհատականութիւն մը:
Գնահատանքի ծափահարութիւններու ընկերակցութեամբ խօսք առաւ տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեան. ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած պատիւին համար, ապա երախտագիտութիւն յայտնեց ՀՄԸՄին, որ իր մէջ զարգացուցած է յանձնառու հայու կերպարը: Ան ինքզինք բախտաւոր համարեց, որ 58 տարիներու ընթացքին պատեհութիւնը ունեցած էր ծանօթանալու հարիւրաւոր ՀՄԸՄականներու, «որոնցմէ շատերը դարձան իմ ամենամօտիկ եւ անկեղծ ընկերներս: Կրկնակիօրէն բախտաւոր եմ, որովհետեւ կը պատկանիմ այն սերունդին, որ առիթը ունեցաւ ՀՄԸՄի լաւագոյն մշակներու շունչով դաստիարակուելու: Այսպիսով, ես ստացայ կեանքի այն ապրումը, զոր մենք կը կոչենք ՀՄԸՄական աւանդութիւն», ըսաւ ան։
Շարունակելով՝ եղբայրը հինգ կէտերու մէջ ամփոփեց ՀՄԸՄի դաստիարակչական առաքելութեան ընդհանուր ուղղութիւնները: Այսպէս, ան անհրաժեշտ գտաւ ժամանակի պահանջներուն համապատասխանող ճիշդ ծրագիրներու որդեգրումը՝ ճի՛շդ միջավայրէ ներս: Անդրադարձաւ միութեան նախապատուութիւններուն, որոնք են սկաուտութիւնն ու մարզական կեանքը, ապա դիտել տուաւ, որ 6էն 18 տարեկան հայ երեխաներուն եւ պատանիներուն մեծ մասը հայկական դպրոց չի յաճախեր, հետեւաբար՝ մեր դաստիարակչական աշխատանքին հիմնական թիրախը պէտք է ըլլայ ա՛յդ սերունդը:
Իսկ 18էն վեր տարիքի սերունդին համար, ան անհրաժեշտ գտաւ ուղիներ գտնելու հրամայականը, որպէսզի անոնք եւս շարունակեն ներդրում ունենալ ՀՄԸՄէն ներս: Գալով փոքր համայնքներուն՝ տոքթ. Շահէի պատկերացումով՝ կարգ մը պարագաներու պէտք է ճիշդ եւ ճկուն տնտեսենք մեր մարդուժը, այն իմաստով, որ կամաւորներու մէկ խումբ պէտք է վարէ տուեալ փոքր համայնքի թէ՛ մարզական, թէ՛ մշակութային եւ թէ ընկերային բնագաւառի գործերը, այսինքն՝ տանի ՀՄԸՄի, Համազգայինի եւ ՀՕՄի աշխատանքները միաժամանա՛կ:
Վերջապէս, եզրակացուց ան՝ ըսելով, թէ այս աշխատանքները յառաջ մղելու համար դաստիարակ ղեկավարներու կարիքը կայ, եւ ճիշդ հո՛ս է, որ ՀՄԸՄը աշխատանքի մեծ դաշտ մը ունի իր դիմաց, ի հարկին կատարելով մասնայատուկ նիւթական ներդրումներ՝ մասնայատուկ ծրագիրներու համար։
Եզրակացնելով՝ Շահէ Ենիգոմշեան հաստատեց, թէ ՀՄԸՄը տակաւին շատ բան ունի տալիք հայ ժողովուրդին, ու գնահատեց «մեր բոլոր վարչութիւններու, խորհուրդներու, յանձնախումբերու եւ կամաւորներու նուիրումը. բարձր կը գնահատեմ մեր ներկայի եւ անցեալի պատուոյ նախագահները. իսկապէ՛ս ուրախ եմ, որ այս յիշատակելի պահը կը բաժնեմ մօտիկ ընկերոջս՝ Վիգէն եւ Նոնօ Աբէլեաններուն հետ»: Ապա, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ի՛ր կնոջ՝ Անիին, ու երեք զաւակներուն՝ Սեւանին, Լոռիին ու Գարինին, որոնք իրեն հետ կը կիսեն ՀՄԸՄի ոգին եւ կեանքը:
Ընթրիքի սպասարկումէն ետք շարունակուեցաւ յայտագիրի պաշտօնական բաժինը:
Այսպէս, նախ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ պատուոյ նախագահ Վիգէն Աբէլեանի ՀՄԸՄական կեանքը ներկայացնող լուսանկարներու փունջ մը, ապա բեմ հրաւիրուեցան նախորդ եւ ներկայ Նաւասարդեանի պատուոյ նախագահները՝ յաջորդաբար Խաչօ եւ Արաքսի Աչաճեաններ ու Վիգէն եւ Նոնօ Աբէլեաններ, որպէսզի կատարուի Պատուոյ նախագահի Եռագոյն երիզի փոխանցումը:
Խանդավառ մթնոլորտի մէջ, Խաչօ Աչաճեան յուզումով փոխանցեց Եռագոյն երիզը Վիգէն Աբէլեանին, իսկ Շրջանային վարչութիւնը աւանդական յուշանուէր-յուշատախտակ նուիրեց անոր:
Միշտ քայլ պահելով սրահի խանդավառութեան հետ, խօսք առաւ Վիգէն Աբէլեան՝ ըսելով, որ թէեւ ինք խօսիլ կը սիրէ, սակայն չի սիրեր ճառ մտիկ ընել… Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային վարչութեան՝ իրեն եւ Նոնոյին ընծայուած պատիւին համար, ապա անցաւ իր միւս միտքերուն:
Պատուոյ նախագահը ՀՄԸՄի ամենամեծ գրաւչութիւնը համարեց կամաւոր աշխատանքի գաղափարը եւ իւրայատուկ ձեւով մը պանծացուց զայն՝ տրուած ըլլալով, որ ՀՄԸՄը իւրայատուկ «կամաւորներու բանակ» մըն է: Այսպէս, ան նախ խնդրեց պարահանդէսի կազմակերպիչ յանձնախումի անդամներէն, որ ոտքի կանգնին: Ապա, նո՛յնը խնդրեց մասնաճիւղերու, Շրջանային եւ Կեդրոնական վարչութիւններու անդամներէն ու յայտարարեց. «Իբրեւ Օրենճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղի անդամ՝ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեր բոլորին, ձեր անձնուէր աշխատանքին համար»:
Բայց տակաւին կար կամաւորներու ուրիշ փաղանգ մը եւս: Վիգէն Աբէլեան ներկայ վարչականներէն խնդրեց յարգանք մատուցել մեր կիներուն ու ամուսիններուն, որոնք իրենց համբերատարութեամբ կարելի կը դարձնեն ՀՄԸՄէն ներս մեր կամաւոր աշխատանքը: Սակայն, շարունակեց ան, այս աշխատանքները չէին կրնար ամբողջութեամբ արդիւնաւորուիլ, եթէ չըլլար մեր գործին հաւատացող նուիրատուներուն գործնական աջակցութիւնը. այս ծիրէն ներս, ան յաջորդաբար յայտարարեց անունները այն պատուոյ նախագահներուն, որոնք ներկայ էին սրահէն ներս: Այսպէս՝ Էնտի եւ Ալին Անտոնեան, Սարգիս եւ Թամարա Արեւեան, Հրաչ եւ Մարինէ Անտոնեան, Ալպերթ եւ Սոնա Շահինեան, Չարլի եւ Ճիւլի Կալեան, Շանթ եւ Վերժին Հայթայեան, Վահագն եւ Պայծառ Թովմասեան, Ճորճ Ժամկոչեան, Սարգիս Նուրեան, Պետիկ եւ Մէյրի Ֆերմանեան ու Խաչօ եւ Արաքսի Աչաճեան ոտքի բարձրացան ու արժանացան սրահի ջերմ գնահատանքին:
Վերջապէս, պատուոյ նախագահը ընդգծեց ՀՄԸՄի դերը նաե՛ւ ընկերային մարզէն ներս՝ իբրեւ միջավայր, ուր իրարու կը ծանօթանան հայ երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները, մինչեւ իսկ կազմելով հայկական ընտանիքներ. ան նաեւ տուաւ օրինակներ իր ՀՄԸՄական ընկերներէն, ինչպէս նաեւ՝ ի՛ր իսկ զաւակին, որ շուտով պիտի պսակուի քանի մը ամիսէն, ՀՄԸՄական Դալար Մանճիկեանի հետ… Ան խօսքը ուղղելով բոլոր զոյգերուն, որոնք ՀՄԸՄէն ներս ծանօթացած են իրարու, խնդրեց, որ ոտքի կանգնին ու իրենց բջիջային հեռաձայնները լուսաւորեն: Արդէն իսկ աշխուժացած սրահը սկսաւ… բառացիօրէն շողշողալու:
Աւարտելով իր խօսքը՝ Աբէլեան կրկին անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կամաւոր աշխատողներուն եւ ՀՄԸՄին զօրակցողներուն:
42րդ Նաւասարդեանի պարահանդէսի պաշտօնական բաժինը հասաւ աւարտին, երբ մօտաւորապէս երկու ժամ փառքը հիւսուեցաւ ՀՄԸՄի «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» կարգախօսին, ու անոր թելադրած կամաւոր աշխատանքին: Սրահէն ներս ներկայ պատուոյ նախագահը, տիպար ՀՄԸՄականը, Կեդրոնական, Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններու, Նաւասարդեանի ու երեկոյի կազմակերպիչ յանձնախումբերու անդամները, բոլո՛րն ալ, թէ՛ մասնակիցներն էին եւ թէ ականատեսները ՀՄԸՄի վեհ գաղափարներու պանծացումին:
Երեկոն շարունակուեցաւ «Allen G» նուագախումբին երգերով ու ներկաներու պարերով:
Verjapes!!