ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Յունիս 29ին հաղորդեց, թէ այս շաբաթ Արցախի Հանրապետութիւն այցելած իսրայէլացի յայտնի քաղաքագէտ եւ հասարակական գործիչ Աւիկտոր Էսկին եւս այսուհետեւ «անբաղձալի անձ» պիտի նկատուի Պաքուի իշխանութեանց համար, քննադատելով Ատրպէյճանի «բռնագրաւեալ տարածքներ» այցելելու անոր «ապօրինի» քայլը։
Նշենք, որ Էսկին Յունիս 27ին հիւրընկալուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին կողմէ, իսկ Յունիս 28ին հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:
Գործիչը կոչ ուղղած էր կազմակերպելու հայրենադարձութեան ծրագիր մը՝ դէպի հայկական երկու պետութիւնները։