ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմեիհապեր».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը Չորեքշաբթի, Յունիս 28ին, պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանը զրկեց լիազօրութիւններէն:
Հոգեւոր խորհուրդի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեան «Ակօս» շաբաթաթերթին տեղեկացուց, որ որոշումը տրուած է 2 դէմ եւ 22 կողմ քուէներով:
Յիշեցնենք, որ Մարտ 15ին, Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահ ընտրուած էր Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեան: Ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք Պոլսոյ նահանգապետարանը միջամտած էր գործընթացին՝ պատրիարքարան ուղակուած նամակի մը միջոցաւ տեղեկացնելով, որ ընտրութիւններու կայացումը իրաւականօրէն կարելի չէ, նոյն ժամանակ շեշտելով, որ պետութիւնը իբրեւ պատրիարքի փոխանորդ կը ճանաչնայ Աթէշեանը: Պետութեան ներկայացուցիչներուն հետ համայնքի աշխարհիկ եւ հոգեւոր ներկայացուցիչներու քննարկումներէն ետք միայն Աթէշեան Մայիս 24ին նամակ յղեց Պէքճեանին, զայն իբրեւ պատրիարքի տեղապահ Պոլիս հրաւիրելով: Այդ հրաւէրէն ետք եւս, Աթէշեան իր պաշտօնէն հրաժարելու մասին պաշտօնական յայտարարութիւն չէր կատարած, իսկ Յունիս 24ին, Աթէշեան՝ Պէքճեանի հետ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին յայնտած էր, որ չի մտածեր փոխանորդի պաշտօնէն պաշտօնապէս հրաժարելու մասին: