ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հանդիպում մը ունեցած է Ուրֆայի բնակիչներուն հետ եւ յայտարարած է, թէ «երկրին պառակտման եւ մասնատման ձգտող ուժեր»ուն դէմ պայքարը պիտի շարունակուի:
«Ճիշդ է, որ զոհեր կու տանք, բայց վճռակամ ենք պայքարը շարունակելու հարցին մէջ», պնդած է Էրտողան, քննադատելով նաեւ Սուրիոյ հիւսիսը «պետական միաւոր ստեղծելու քրտական ուժերուն ջանքերը»։
Էրտողան նշած է. «Թուրքիոյ պետութիւնը եւ զինուորական ուժերը իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի գործ պիտի դնեն, որպէսզի արտօնութիւն չտրուի Սուրիոյ հիւսիսը որեւէ պետութիւն ստեղծելու ջանքերուն: Մեր այս կեցուածքը փոխանցած ենք Միացեալ Նահանգներու եւ այլ երկիրներու իշխանութիւններուն»: