Թրքահայ համայնքային կեանքը աստիճանաբար կը վերագտնէ իր բնականոն հունը:
Պատրիարքարանին շուրջ ստեղծուած տագնապը հետզհետէ կը յաղթահարուի եւ պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան գործընթացին մէջ ալ համայնքը ուրախութեամբ ականատես կ՛ըլլայ ողջունելի տեղաշարժին:
Տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեանի վերջնականօրէն քաղաքս ժամանման զուգահեռ՝ համայնքային կեանքէն ներս ստեղծուած կլիմայի փոփոխութիւնը կ՛ունենայ շօշափելի դրսեւորումներ:
Պատրիարքական ընտրութեան նախապատրաստական գործընթացը յառաջ կը տարուի բազմակողմանի խորհրդակցութիւններով, որոնց արդիւնքով աստիճանաբար կը բիւրեղանան համայնքային շրջանակներու սպասումները, նաեւ կը յստականայ հերթականութիւնը այն շփումներուն, որոնք պիտի մշակուին պատկան իշխանութիւններուն հետ: Տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան լայնախարիսխ աշխատանք մը կը տանի՝ երաշխաւորելու համար պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի առողջ տեւականացումը: Համայնքէն ներս ալ ուժերու մեծ ու գործնական համախմբումի մը մթնոլորտը ստեղծուած է: Հարկ է նշել, որ նոյնիսկ նախատեսուածէն քիչ մը աւելի կանուխ կամ աւելի շուտ ապահովուած են այս բոլորը:
Տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան, որ նախընթաց օր պաշտօնը ստանձնելէ վերջ առաջին անգամ նախագահած էր Կրօնական ժողովի նիստին, թափով յառաջ կը տանի իր ծրագիրը: Ինչպէս հաղորդած էինք, ան երէկ (Հինգշաբթի, 22 Յունիսին-Խմբ.) առաւօտ ալ թրքահայ համայնքի գլխաւոր աշխարհական վարիչներուն եւ բարերարներուն հետ ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը: Կրօնական ժողովէն վերջ, մեր համայնքի գլխաւոր բարերարներն ու աշխարհական վարիչներն ալ անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեցին տեղապահ սրբազան հօր նկատմամբ: Ի տարբերութիւն Կրօնական ժողովէն, երէկ առաւօտ կազմակերպուած եւ աւելի քան երկուքուկէս ժամ տեւած այս խորհրդակցութեան վերաբերեալ պատրիարքարանի պաշտօնական աղբիւրները որեւէ հաղորդում չկատարեցին: Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն՝ ժողովականները մանրամասնօրէն քննարկեցին պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մանրամասնութիւնները՝ ներառեալ պետութեան հետ յառաջ տարուելիք աշխատանքը, նախաձեռնարկ մարմնի ձեւաւորման գործընթացը եւ այլն: Այս ամբողջին մէջ, մասնաւոր ուշադրութիւն հրաւիրուեցաւ ընտրողներու ցուցակներու այժմէականացման ու կատարելագործման անհրաժեշտութեան վրայ:
Հարկ է նշել, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երկար ժամանակէ ի վեր Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADIP) ժողովներուն ընթացքին ահազանգ կը հնչեցնէր այս հարցի հրատապ բնոյթին շուրջ: Ի լրումն այս բոլորին՝ աշխարհական վարիչները երէկ (Հինգշաբթի, 22 Յունիսին-Խմբ.) առաւօտեան խորհրդակցութեան ընթացքին տեղապահ սրբազան հօր բարձր նկատառման յանձնեցին այլ կարեւոր խնդիր մը եւս: Անոնք ընդգծեցին, որ պատրիարքական աթոռի բոլոր սրբազանները անխուսափելիօրէն պէտք է ըլլան ներդաշնակ ու պէտք է համագործակցին համերաշխօրէն՝ ի նպաստ մեր պատրիարքութեան գերագոյն շահերուն:
Տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան այսօր (Ուրբաթ, 23 Յունիսին-Խմբ.) ալ կը շարունակէ իր խորհրդակցութիւնները: Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեան այս առաւօտ մեզի յայտնեց, որ նորին սրբազնութիւնը այսօր դարձեալ կը մէկտեղուի իր անմիջական շրջապատէն դէմքերու հետ: Այս կարծիքի փոխանակումներուն հիման վրայ ան կը նախատեսէ հնարաւորինս ամբողջական ձեւով պատկերացնել ներկայ իրադրութիւնը ու մանաւանդ այդ հիման վրայ ուղղորդել յառաջիկայ օրերու քայլերը, որոնք կրնան ունենալ անկիւնադարձային նշանակութիւն:
Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, կը նախատեսուի, որ տեղապահ սրբազան հայրը վաղը պատրիարքարանի երդիքին տակ տեսակցութիւն մըն ալ ունենայ Արամ արք. Աթէշեանի հետ՝ եթէ անշուշտ վերջին պահուն անակնկալ մը չպատահի:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Վաքըֆներու խորհուրդին մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի միջոցաւ այս շրջանին պետական մարմիններէն փոխանցուած մեր համայնքային խնդիրներուն վերաբերեալ դրական ազդանշաններն ալ կը շարունակուին: Իսլամաց մօտալուտ Ռամազանի տօնի յառաջիկայ օրերու արձակուրդէն անմիջապէս վերջ, Իսթանպուլի կուսակալութեան պիտի ներկայացուի առաջին դիմումը՝ պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ: Սա շատ կարեւոր, առանց չափազանցութեան, ճակատագրական նշանակութեամբ փուլ մըն է: Պատրիարքական աթոռին կողմէ Իսթանպուլի կուսակալութեան ուղղուելիք նամակին միջոցաւ պետութիւնը առաջին անգամ պաշտօնապէս տեղեակ պիտի պահուի այն իրադարձութիւններուն շուրջ, որոնք պատրիարքական ընտրութիւնը կը դարձնեն անխուսափելի: Այսինքն, 26 Հոկտեմբեր 2016 թուականի Եկեղեցականաց համագումարէն ի վեր ապրուած բոլոր իրադարձութիւնները պաշտօնապէս պիտի ներկայացուին պետութեան ուշադրութեան: Այստեղ խօսքը կը վերաբերի Թուրքիոյ Հայոց 84րդ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի հան-գստեան կոչուելուն, իր առողջական վիճակին վերաբերեալ բժշկական տեղեկագիրի, պատրիարքական աթոռի թափուր հռչակման, այդ ընթացքին դատական մարմիններուն կողմէ արձակուած կարգ մը վճիռներուն, 15 Մարտ 2017 թուականին տեղի ունեցած տեղապահի ընտրութեան եւ այլն:
Ցարդ Պետրոս Շիրինօղլու եւ Թորոս Ալճան առիթն ունեցած են այս բոլորին շուրջ շօշափելու պետական շրջանակներուն տրամադրութիւնը: Շնորհիւ անոնց շփումներուն՝ յայտնի դարձած է, որ պետական մարմինները հարկ կը համարեն պատրիարքական աթոռին կողմէ ուղարկուելիք նամակով յստակացնել նաեւ նախկին ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի կացութիւնը: Արդարեւ, Արամ արք. Աթէշեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնը կը վարէր՝ պետութեան կողմէ ճանաչում գտած ըլլալով Նախարարաց խորհուրդի որոշմնագիրով: Մինչեւ կուսակալութիւն նամակի ուղարկումը՝ այս խնդիրն ալ պիտի յստականայ: Գարեգին արք. Պեքճեան եւ Արամ արք. Աթէշեան հաւանաբար վաղուան տեսակցութեան ընթացքին անդրադառնան այս հարցին: Մօտալուտ դադարի օրերէն անմիջապէս վերջ՝ Յունիսի 28ին պիտի գումարուի Եկեղեցականաց համագումարը, ինչ որ պաշտօնապէս հրապարակուած է պատրիարքարանին կողմէ:
Ներկայ պայմաններով, օրակարգի վրայ են քանի մը վարկածներ: Անոնցմէ մին է Արամ արք. Աթէշեանի կողմէ՝ պաշտօնական մարմիններու ակնկալութիւնները բաւարարելիք ձեւով նոր հրաժարականի մը գրի առնուիլը: Ըստ երկրորդ վարկածին՝ Եկեղեցականաց համագումարը կրնայ որպէս հրաժարական ընդունիլ եւ իբր այդ հաստատել այն նամակը, զոր Արամ արք. Աթէշեան ուղարկած էր Գարեգին արք. Պէքճեանին՝ պատրիարքական աթոռի ղեկը յանձնելու համար: Երրորդ վարկածն ալ այն է, որ Եկեղեցականաց համագումարը կրնայ պաշտօնանկ ընել Արամ արք. Աթէշեան: Համայնքային շրջանակներէն ներս այս վարկածներէն իւրաքանչիւրի պարագային շրջանառութեան մէջ են թեր ու դէմ կարծիքներ: Շուտով այս բոլորին մասին կ՛ակնկալուի յստակութիւն:
Սահակ եպս. Մաշալեան այս առաւօտ հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին մեզի յայտնեց, որ աւելի հաւանական կը նկատէ պայրամի արձակուրդէն եւ Եկեղեցականաց համագումարէն վերջ այդ նամակին կուսակալութիւն ուղարկուիլը:
Մինչ այդ, այս ամբողջ աշխատանքով ամուր հիմքեր կը ստեղծուին նաեւ նոր նախաձեռնարկ մարմին մը կազմելու նպատակով:
«ԺԱՄԱՆԱԿ»