23 Յունիսին, երկրորդ անգամ ըլլալով, Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց յառաջիկայ Հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք Միջին Արեւելքին նուիրուած համաժողովին պատասխանատուները:
«Ի պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան» շարժումը Միացեալ Նահանգներու մէջ յառաջացաւ ու կազմակերպչական դրութիւն ստացաւ վերջին չորս տարիներուն ընթացքին: Այս ծիրէն ներս առաջին համագումարը տեղի ունեցաւ 2014ին, ուր վեհափառը գլխաւոր խօսողներէն մէկն էր: Յառաջիկայ համաժողովի օրակարգին վրայ պիտի ներառուին միջկրօնական գործակցութեան, կրօնական ծայրայեղութեան, ահաբեկչութեան, մարդկային իրաւանց եւ գաղթականներու կապուած հարցեր: Յատուկ նիստ մը պիտի յատկացուի նաեւ Հայ Դատին: Համաժողովին ներկայ պիտի գտնուին քոնկրեսականներ, ծերակուտականներ եւ զանազան ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Վեհափառը իր հիւրերուն պարզեց համագումարի աշխատանքներուն առնչուած իր պատկերացումները: Յայտնենք, որ հայրապետին թելադրութեամբ «Ի պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան»ի պատասխանատուները կը գործակցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեանի, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի մէջ Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատուներուն հետ:
: