ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան համահայկական հիմնադրամի եւ ամերիկահայ Քերոլայն Ռաֆայէլեանի հիմնած «Ani&Alex» ընկերութեան համագործակցութեամբ պատրաստուող «KeepThePromise» ապարանջաններու վաճառքէն գոյացած ամբողջ հասոյթը պիտի փոխանցուի Հայաստանի մէջ ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրող հայ ընտանիքներու:
Նշենք, որ Ռաֆայէլեանի մասին լուրը ամերիկեան «Ֆորպզ» թերթի Յունիսի թիւի կողքի լուրը դարձած էր, եւ ան դասուած էր երկրին մէջ սեփական ջանքերով հարստացած կանանց շարքին: