ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Զինադադարի վերջին խախտումները, որոնք մարդկային կորուստներու առաջնորդած են Արցախի հակամարտութեան գօտիին մէջ, յստակ յիշեցումներ են, թէ ներկայ իրավիճակը անկայուն է, Յունիս 22ին յայտարարած է Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութեանց ու ապահովական քաղաքականութեան պատասխանատու մարմինի բանբեր Մայա Քոսիանչիչ:
Ան յիշեցուցած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները բազմիցս յայտարարած են, թէ կը յարգեն հրադադարի պայմանները եւ կը փափաքին հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնիլ:
«Եւրոմիութիւնը կ՛ակնկալէ շրջանին մէջ լարուածութեան մեղմացում, ինչպէս նաեւ՝ զսպուածութիւն, թէ՛ գործնական գետնի վրայ եւ թէ յայտարարութեան մէջ: Եւրոմիութիւնը ամբողջովին կ՛աջակցի Մինսկի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն եւ իր ձայնը կը միացնէ Յունիս 19ին կատարած անոնց կոչին, շեշտելով, թէ՝ անյապաղ քայլեր պէտք է ձեռնարկել հակամարտութեան գօտիին եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ միջազգային սահմանին վրայ լարուածութիւնը նուազեցնելու ուղղութեամբ։ Պէտք է վերադառնալ առարկայական եւ բարեխիղճ բանակցութիւններու՝ անհրաժեշտ քաղաքական կամք դրսեւորելով», եզրակացուցած է ան: