ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՄԱԿը կը կիսէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու անհանգստութիւնը՝ Արցախի հակամարտութեան շփման գիծին վրայ զինադադարի համաձայնութեան խախտումներուն առնչութեամբ, յայտարարած է ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի խօսնակի տեղակալ Ֆարհան Հաք:
«Մենք կ՛ընդունինք ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու 2017 թուականի Յունիս 19ի յայտարարութիւնը, որ կատարուած է անոնց տարածաշրջան կատարած վերջին այցելութեան հիման վրայ: Մենք եւս անհանգիստ ենք հրադադարի խախտումներով, որոնք սահմանին վրայ ողբերգական զոհեր պատճառած են: Մենք կը կրկնենք կողմերուն կատարած անոնց յորդորը՝ խուսափելու լարուածութիւնը աւելիով սրող քայլերէ եւ որդեգրելու այնպիսի միջոցներ, որոնք կրնան նուազեցնել լարուածութիւնը: Մենք մեր ձայնը կը միացնենք համանախագահներուն՝ կոչ ընելով կողմերուն, որ կրկին մասնակցին բանակցութիւններուն՝ բարեխղճօրէն եւ քաղաքական կամքով», նշած է Հաք՝ աւելցնելով, որ ի հարկին ՄԱԿը պատրաստ է աջակցելու նման ջանքերու: