«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Դէպքերն ու տագնապները սրընթաց արագութեամբ իրար կը յաջորդեն:
Գրեթէ ամէն օր, մենք մեզ կը գտնենք այնպիսի իրավիճակի մէջ, ուր անհրաժեշտ կը զգանք մեր դիրքորոշումը արտայայտելու այս կամ այն ազգային նշանակութեան հարցի կամ խնդրի վերաբերեալ: Գրեթէ ամէն օր, մեր խօսքն ու կեցուածքը Ամերիկայի քաղաքական շրջանակներուն՝ դաշնակցային, նահանգային կամ տեղական պաշտօնատարներուն հասցնելու անհրաժեշտութիւնը կը զգանք:
Կը զգանք, սակայն, բազմազբաղութեան կամ այլ առարկայական պատճառներու բերումով կը կորսնցնենք առիթը ու մեր ձայնը լսելի չի դառնար:
Հայ Դատի յանձնախումբը, որուն առաքելութեան մաս կը կազմէ մեր հաւաքանութեան ձայնը լսելի դարձնելը՝ քաղաքական ու պետական բոլոր ատեաններուն ու պաշտօնատարներուն, ստեղծած է դրութիւն մը, որ կարելի կը դարձնէ իւրաքանչիւրիս՝ անմիջապէս արձագանգելու մեր ժողովուրդին, մեր պետութեան համար կարեւոր որեւէ հարցի, որեւէ իրադարձութեան:
Եթէ քոնկրեսական մը Հայ Դատի կամ Հայաստանի ու Արցախի շահերուն ի նպաստ դրական քայլ կ՛առնէ, պէտք է լսէ իմ գնահատանքի խօսքը: Իմ կողմէ առանց նուազագոյն իսկ ճիգի, Հայ Դատի հաստատած դրութիւնը ատիկա կարելի կը դարձնէ ու լուրի հրապարակումէն վայրկեաններ անց, արդէն իսկ խնդրոյ առարկայ քոնկրեսականը կ՛իմանայ իմ գնահատական կեցուածքին մասին:
Պահանջներու, քննադատական թէ գովասանական դիրքորոշումներու ազդեցութեան չափը կախեալ է թէ քանի՞ հոգիէ կու գան անոնք: Մեծաթիւ արձագանգները, անշուշտ, կրնան շօշափելիօրէն ազդել քուէներ ու զանգուածներ սիրաշահելու մտահոգութեամբ գործող հանրային պաշրտօնատարներու դիրքորոշումներուն վրայ:
Հայ Դատի յանձնախումբը կը հրաւիրէ ձեզ միանալու արագ հակադարձելու այս դրութեան: Միանալով այս դրութեան՝ Հայ Դատի յանձնախումբին իրաւունք կու տաք ձեր կարծիքն ու կեցուածքը արագ, ժամանակին փոխանցելու, միշտ մասնակից ըլլալու մեր ընդհանրական հարցերու արծարծման, մեր հաւաքական պահանջներու արտայայատման:
Միանալու համար այս դրութեան՝ այցելեցէք www.anca.org/rapid կայքէջը եւ հետեւեցէք տրուած ուղղութեան: