«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Ստեփանակերտի մէջ, երէկ իր աշխատանքին սկսաւ Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերու, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ համաժողովը:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահին եւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութեանց Ազգային ժողովի նախագահներուն մասնակցութիւնը այս համաժողովին՝ իւրայատուկ նշանակութիւն կու տայ անոր, եւ արդար է, որ մեր ժողովուրդը այս հաւաքէն ակնկալէ հիմնաւո՛ր պատգամ մը՝ Արցախի հարցին կապակցութեամբ:
Միակամ եւ ուժե՛ղ պատգամ մը, որ պէտք է նաեւ պատասխանը տայ Արցախի սահմանին վրայ ատրպէյճանական շարունակական ոտնձգութիւններուն, որոնց երէկ իսկ զոհ տուինք եւս 3 մատաղ կեանքեր:
Համայն հայութեան անունով, այս համաժողովէն կրնայ միայն մէկ պատգամ բխիլ. Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը սակարկելի չէ՛, եւ միջազգային իր բոլոր պարտաւորութիւնները խախտող Ատրպէյճանը, որ արդէն իսկ բազմիցս ապացուցած է իր ոչ-կառուցողական դիրքորոշումը բանակցային գործընթացին հանդէպ, երբե՛ք չի կրնար ակնկալել հայկական կողմէն որեւէ զիջում՝ ազատագրուած տարածքներէն հող յանձնելու կապակցութեամբ:
Համաժողովի պատգամը պէտք է ըլլայ կուռ ու յստակ: Որեւէ դիւանագիտական ճկունութիւն՝ ի՛նչ նկատառումով ալ ներառուի համաժողովի ոչ միայն յայտարարութեանց, այլ նոյնի՛սկ քննարկումներուն մէջ, կրնայ սխալ տպաւորութիւն ստեղծել թշնամիին մօտ՝ մեր տատանումները իբրեւ տկարութեան նշան մեկնաբանելով:
Նոյնպէս ուշադիր պէտք է ըլլանք, որ թէ՛ իրենց կեանքը ամէն օր վտանգի ենթարկող մեր հերոս զինուորները եւ թէ ընդհանրապէս հազար ու մէկ զրկանքներով ապրող մեր ժողովուրդը համաժողովէն ստանան միա՛յն վերջնական յաղթանակի առաջնորդող ուղենիշներ:
Artyok garéli é gankhél ankhoosapélin? Ayo, yété miatsyal jagad gazménk!