ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Հայաստանի մէջ հիմնուած եւ բնական շպարներ արտադրող «Նայիրեան» (Nairian) ընկերութիւնը, առաջին անգամ ըլլալով, այս տարի պիտի մասնակցի Լաս Վեկասի մէջ կայացող՝ Հիւսիսային Ամերիկայի «Քոզմոնփրոֆ» (CPNA) ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 9էն 11, «Մենտըլէ Պէյ» պանդոկի ցուցադրասրահին մէջ։
Այս նախաձեռնութիւնը կարեւոր քայլ մը կը նկատուի ընկերութեան արտադրութիւնները Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին ծանօթացնելու ջանքերուն մէջ:
Ընկերութեան նպատակն է Հայաստանը յայտնի դարձնել բնական խնամքի միջոցներու համաշխարհային քարտէսին վրայ: Միացեալ Նահանգներու կողքին, այս ընկերութեան արտադրութիւնները սկսած են ծախուելու նաեւ Ռուսիոյ եւ Ճափոնի մէջ։ 2012ին հիմնուած սոյն ընկերութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ շպարներ ապսպրելու համար, այցելել
www.nairian.com կայքը: