«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Խմբագրատունը Կլենտէյլէն Հոլիվուտ փոխադրելը՝ անձնակազմին համար ցանկալի կարգադրութիւն մը չէր: Խմբագրական կազմի բացարձակ մեծամասնութիւնը Կլենտէյլ կ՛ապրի, եւ խմբագրատան վայրը գործնական շարք մը այլ դիւրութիւններ կ՛ընծայէր ընթերցողներուն համար:
Բայց նիւթական եւ այլ նկատառումներով, թերթը փոխադրուեցաւ Հոլիվուտ, ուր մենք ջերմօրէն ընդունուեցանք ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան, ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղին, ՀՄԸՄի տեղւոյն մասնաճիւղի կազմին եւ Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ու հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի կողմէ։
Տէր հօր ուշադրութիւնը թերթիս հանդէպ նկատելի է։ Խմբագրատուն իր այցելութիւններով (յաճախ իր ականաւոր հիւրերն ալ մեզ մօտ բերելով), թերթիս նիւթական կացութեան մասին իր հոգատար մտահոգութեամբ, բացառիկ արժէքով հնատիպ գիրքերու նուիրաբերումով (որոնցմէ ամէնէն արժէքաւորները՝ տէր հօր համաձայնութեամբ, մեր կարգին նուիրած ենք Հայաստանի Ազգային գրադարանին) եւ միշտ մեր կողքին կանգնելու, մեզ զօրակցութիւն ցուցաբերելու իր պատրաստակամութեամբ՝ տէր Վիգէնը արդարօրէն կ՛ընդգրկուի «Ասպարէզ»ի լաւագոյն բարեկամներու ցանկին մէջ:
Հոլիվուտի ծուխը իր կարգին, անշուշտ, բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, եւ մենք կը տեսնենք տէր Վիգէնի աշխատանքն ու ճիգը՝ Հոլիվուտի նոսրացող հայ բնակչութիւնը եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին մասնակից դարձնելու ուղղութեամբ: Իր քարոզները անպայմա՛ն ազգային ջիղ ունին, հաւատացեալները քրիստոնէական արժէքներու հետ զուգահեռ՝ կը ստանան հայրենասիրական պատգամներ: Արցախի ու Հայաստանի պետականութեան խնդիրները Հոլիվուտի հայութեան օրակարգին վրայ միշտ այժմէական պահելու տագնապո՛վ կը քարոզէ տէր Վիգէն: Շնորհակա՛լ ենք տէր հայր:
Իրական հովիվ: Շատ տեղին գնահատական…
Siréli Dér Vicken, ayn, inch vor vérohishyal hotvadzu gu vgayé koo masit shad goorakhatsné zis. Asdvadz aroghch bahé kéz yév mishd artoon!