ԵՐԵՒԱՆ.- Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի ընկերութեան խորհուրդը Երկուշաբթի, 12 Յունիսին, Հանրային ձայնասփիւռի կայանի գործադիր տնօրէն նշանակեց Մարկ Գրիգորեանը:
Բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Մարկ Գրիգորեան, մինչեւ լրագրողական աշխատանքի անցնիլը դասաւանդած է Պուշկինի անուան միջնակարգ դպրոցին, Երեւանի պետական համալսարանին եւ«Անանիա Շիրակացի» համալսարանին մէջ:
Լրագրողական գործունէութիւնը ան սկսած է 1993ին Ազգային ինքնորոշում միաւորում կուսակցութեան ռուսալեզու«Ազատութիւն» թերթի՝ նախ որպէս փոխխմբագիր, ապա գլխաւոր խմբագիր աշխատելով: