ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Երկուշաբթի, 12 Յունիսին ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Ռիչըրտ Հոկլընտը (Միացեալ Նահանգներ), Սթեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:
«Բակօ Սահակեան համանախագահներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ատրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութեան, զինադադարի խախտումներու եւ միջազգային սկզբունքներու ոտնահարման բազմաթիւ փաստերու վրայ՝ զանոնք որակելով որպէս հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական խոչընդոտներ եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման լուրջ վտանգներ», կ՛ըսուի նախագահի գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ:
Արցախի նախագահը վերահաստատեց պաշտօնական Ստեփանակերտի հաւատարմութիւնը ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրին մէջ: