
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատմութեան ամպիոնի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանի կարծիքով՝ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100ամեակը պարտաւոր ենք պատշաճ մակարդակով նշել:
Հինգշաբթի օր, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Մելքոնեան նկատեց, որ գրեթէ ամբողջական փլուզումէն քանի մը տարի անց հայ ազգը կրցաւ իր մէջ ուժ գտնել եւ ոտքի կանգնիլ, կերտելով անկախ պետականութիւն:
«100ամեակի տօնի նշմանն ընդառաջ ստեղծուել է պետական յանձնաժողով, որն արդէն իսկ սկսել է իր աշխատանքները: Կարծում եմ՝ ամէն բան պէտք է արուի, որ այն նշուի համայն հայութեան շրջանում: 90ականների սկզբին, երբ ՀՀ առաջին Հանրապետութեան մասին սկսեցին խօսել այլ դիրքերից, քանի որ նախկինում առաջին հանրապետութիւն ընդհուպ պատմութեան մէջ նշւում էր ՀՀ բուրժուական հանրապետութիւն: Անկախութիւնից յետոյ առաջին հանրապետութեան մասին սկսեցին խօսել վառ գոյներով, նաեւ ծայրայեղութիւնների մէջ ընկան: Հիմա՝ քառորդ դար անց, մոդայից դուրս եկաւ առաջին հանրապետութեան մասին խօսելը եւ թղթին յանձնուեցին աւելի սառն ու անաչառ դատողութիւններ», ըսաւ Մելքոնեան:

Ըստ պատմաբանին՝ այսօր արդէն կոտրուած է կարծրատիպը, թէ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ժամանակ անկախութիւնը մեզի նուիրուած էր: Ան շեշտեց, որ անկախութիւնը ձեռք բերուած է մայիսեան հերոսամարտերուն շնորհիւ: Մելքոնեան նաեւ յոյս յայտնեց, որ այսօր կ՛օգտուին Առաջին Հանրապետութեան ժամանակ թոյլ տրուած սխալներու դասերէն: Պատմաբանը տեղեկացուց, որ 100ամեակին ընդառաջ նաեւ տաբեր ծրագիրներով Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան մասին գիրքեր պիտի հրապարակուին:
«Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, համաձայնելով Մելքոնեանի հետ՝ նշեց, թէ 100ամեակի միջոցառումները նշելու ընթացքին նաեւ քաղաքական այժմէական խնդիրներու մասին պէտք է խօսուի:
«Ադրբեջանը նոյնպէս նշել է իր 100ամեակը, իսկ այդ անկախութեան ժամանակ Արցախը նրանց կազմում չի եղել: Սա եւս մէկ իրաւական ակտ է, որը մենք կարող ենք ներկայացնել», ըսաւ Գանտահարեան: