ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, «Յիշողութեան տեսարան. Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսներ եւ մնացորդներ» խորագրուած ցուցահանդէս մը տեղի կ՛ունենայ Կլենտէյլի Կեդրոնական հանրային գրադարանի նորոգուած եւ արդիական արհեստագիտութեամբ հարստացուած «ReflectSpace» ցուցադրասրահին մէջ՝ հանդիսանալով անոր անդրանիկ ցուցահանդէսը: Անիկա իւրայատուկ ձեւերով իրարու կը միացնէ Ցեղասպանութեան առնչութեամբ չորս սերունդներու փորձառութիւններ՝ քննելով Ցեղասպանութեան ականատես հանդիսացած օտարներու, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրածներու վկայութիւնները եւ անոնց ձգած ազդեցութիւնները յաջորդ եւ ապագայ սերունդներուն վրայ:
Ասոր կողքին, գրադարանէն դուրս, Կլենտէյլի Կեդրոնական զբօսայգիին մէջ կը կայանայ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը ցուցադրուած եւ «iWitness» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը, որ կը պարունակէ ոչ-համաչափ լուսանկարչական յուշարձաններ՝ պատրաստուած Ցեղասպանութենէն վերապրած ականատեսներու լուսանկարներով:
Այս յուշարձաններուն շուրջ եւ անոնց մէջ է, որ տեղի պիտի ունենայ մրցանակակիր բեմադրիչ Արամ Գույումճեանի բեմադրած «I Go On» իւրայատուկ ներկայացումը՝ նուիրուած հայութեան վերապրումին, երաժշտութեան ու վերապրածներու վկայութիւններուն միաձուլումով։
Ներկայացումները տեղի պիտի ունենան Շաբաթ եւ Կիրակի, Յունիս 10 եւ 11ին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ։ Յունիս 10ին ներկայացում մը տեղի պիտի ունենայ նաեւ երեկոյեան ժամը 7ին։ Զբօսայգիի հասցէն է՝ 216 S. Brand Blvd., Glendale, CA 91204:
Ցուցադրութեանդ ստեղծագործական խմբակին մաս կը կազմեն լուսանկարիչներ Արա Օշական եւ Լեւոն Փարեան, ինչպէս նաեւ՝ ճարտարապետ Վահագն Թովմասեան եւ Անահիտ Օշական:
Ցուցահանդէսներուն բացումը կատարուեցաւ Մայիս 19ին: Գրադարանի ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Յունիս 25, իսկ զբօսայգիինը՝ մինչեւ Յունիս 14:
Գրադարանի հասցէն է՝ 222 E Harvard St., Glendale, CA 91205։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել
www.glendaleLAC.org կայքը, կամ դիմել (818) 548-2030 թիւին։