ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Չորեքշաբթի, 7 Յունիսին, իր նստավայրին մէջ հիւրընկալած է Տեղեկատուական արհեստագիտութեան (IT) եւ ծառայութիւններու համաշխարհային ընկերակցութեան նախագահ Իւոն Չիուին:
Վարչապետը իր հիւրին փոխանցած է 2019ին Հայաստանի մէջ Տեղեկատուական արհեստագիտութեանց (ՏԱ) համաշխարհային համաժողովի գումարման կարեւորութիւնը եւ աւելցուցած, որ Հայաստանի կառավարութիւնը իր բոլոր ջանքերը կը ներդնէ համաժողովը բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար:
«Վստահ ենք, որ համաժողովի անցկացումը կը խթանի Հայաստանում ՏԱ ոլորտի զարգացմանը եւ նոր լիցք կը հաղորդի առկայ ներուժի իրացմանը: Մենք մեծ պատասխանատուութեամբ կը պատրաստուենք 2019ի միջոցառմանը», ըսած է Կարէն Կարապետեան:
Վարչապետը ընդգծած է, որ կառավարութիւնը մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ ՏԱ ոլորտին վրայ: Այս բնագաւառին մէջ, ըստ վարչապետին, տարեկան 20-25 տոկոսի տնտեսական աճ կ՛արձանագրուի, եւ զարգացման ներուժը շատ աւելի մեծ է:
Իւոն Չիու նշած է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք համաժողովը «Թուային դարաշրջանի խոստումը պահելը» խորագիրը կը կրէ: Ի. Չիու վստահութիւն յայտնած է, որ 2019ի համաժողովը նոր թափ պիտի հաղորդէ Հայաստանի մէջ ՏԱ ոլորտի յառաջընթացին եւ աւելցուցած է, որ իր գլխաւորած կազմակերպութիւնը պատրաստ է սերտօրէն համագործակցելու Հայաստանի կառավարութեան հետ: