«ԱԶԴԱԿ»
Տարածաշրջանային առումով դիւանագիտական ամենագլխաւոր ճգնաժամի յառաջացումը յանկարծակիութեան գործօնով կը յատկանշուի: Քաթարի հետ արաբական որոշ երկիրներու (եւ ոչ միայն) դիւանագիտական կապերու խզումի իրերայաջորդ յայտարարութիւնները շատ արագ մագլցողականութեան երեւոյթ կը պարզեն:
Պէտք չէ մտահան ընել անշուշտ Միացեալ Նահանգներու նախագահին այցելութիւնը Սէուտական Արաբիա, այդ առիթով հակաահաբեկչական միջազգային դաշինքի մասին կատարուած յայտարարութիւնները եւ Ռիատը ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու տարածաշրջանային կեդրոնի վերածելու քաղաքականութեան դրսեւորումը:
Միեւնոյն ժամանակաշրջանին՝ պաշտօնական Տոհային վերագրուող յայտարարութիւնը, թէ Քաթարը իր բնականոն յարաբերութիւնները կը շարունակէ թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ Թեհրանի հետ, աղմկայարոյց անմիջական հետեւանք ունեցաւ, սուր քննադատութիւններու ենթարկուեցաւ, կիսահերքուեցաւ:
Պարզ էր, որ նման երեւոյթ անհետեւանք պիտի չմնար: Կար նաեւ սուր կերպով դիտարկուող խնդիր, որ «Համաս» կազմակերպութիւնը իր կեդրոնատեղին ունէր Տոհայի մէջ, ինչ որ բնականաբար պիտի անհանգստացնէր Ուաշինկթընի կողմէ ձեւաւորուած միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կոչուած դաշինքի պետութիւնները:
Հերթական անգամ յիշենք, որ ահաբեկչութիւն եզրին տակ տարբեր երկիրներ տարբեր դասակարգումներ կը կատարէին: Այս պարագային՝ «Համաս»ը, «Հըզպալլա»ն եւ զանոնք հովանաւորող Թեհրանը միեւնոյն պիտակաւորումին կ՛ենթարկուին միջազգային դաշինքին կողմէ:
Այժմ միջազգային մամուլը ողողուած է իսլամականութեան անունին տակ գործող կազմակերպութիւններու դաւանած կրօնագաղափարական տարբերութիւններու վերլուծումները կատարելով սկսելով ուահապական-սալաֆականներէն անցնելով Քայիտա, Իսլամ եղբայրներ, ՏԱԷՇ, «Իսլամական պետութեան» բաղադրիչներ, մինչեւ «Ժապհաթ Նուսրա» եւ մասամբ նորին: Անուղղակի այն տպաւորութիւնը կը ձգուի, որ այս կազմակերպութիւններէն մաս մըն է, որ կը սնանի Տոհայէն, որուն հակադրուած են Ռիատակեդրոն դաշինքի անդամները:
Խնդիրը սակայն ներիսլամական դաւանանքային, հաւատադրժողականութեան հետ կապուած տարբերութիւններու եւ այս կամ այն կազմակերպութիւնը հովանաւորելու հետ կապ չունի: Աւելի՛ն. նոյնիսկ Ռիատի կողմէ առաջադրուող ահաբեկչութեան արմատախլման գործողութիւններուն հետ այնքան չ՛առնչուիր:
Խնդիրը տարածաշրջանային քաղաքականութեան հարթութեան վրայ Իրանի մեկուսացման միտող ընդհանուր գործողութիւններու մէկ կարեւոր շղթան է: Ծոցի երկիրներէն տնտեսական վերելք ապրած Քաթարը Իրանի հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու մասին բարձրաձայնումներ կ՛ընէր, Համաս կազմակերպութեան կեդրոն կը տրամադրէր, անոր գործունէութիւնը կ՛օրինականացնէր, մինչ իրեն դրացի երկիրները տրամագծօրէն հակադրուած կը շարունակեն մնալ այս ուղեգիծին:
Խնդիրին ո՛չ կրօնագաղափարական, ո՛չ ալ ըստ էութեան հակաահաբեկչական պայքարին կապուած ըլլալու տեսութիւնը կը հիմնաւորուի, երբ նկատի ունենաք Պահրէյնի կողմէ պաշտօնապէս կատարուած յայտարարութիւնը՝ Քաթարի հետ դիւանագիտական կապերը խզելու մասին՝ «Հաշուի առնելով Քաթար պետութեան կողմէ շարունակուող գործողութիւնները, որոնք նպատակամղուած են Պահրէյնի թագաւորութեան իրադրութեան եւ անվտանգութեան ապակայունացման, ինչպէս նաեւ ներքին գործերուն միջամտելուն, զանգուածային լրատուամիջոցներու մէջ հրահրիչ նիւթեր տարածելուն, ահաբեկչութեան աջակցման եւ Իրանի հետ կապուած խմբաւորումներուն ֆինանսական օգնութիւն ցուցաբերելուն՝ Պահրէյնի մէջ քաոս յառաջացնելու համար»:
Նախագահ Թրամփի Ռիատ կատարած այցելութեան հետեւող առաջին գործողութիւնն է այս մէկը: Հակաահաբեկչական պայքարին մէջ թէկուզ կարճաժամկէտ հաշուեյարդարներ պիտի կատարուին այս նմանողութեամբ:
Տարածաշրջանը ականատես պիտի դառնայ բոլորովին տարբեր ընկալումներով իրականացուող տարբեր հակաահաբեկչական գործողութիւններու: