ՊԷՅՐՈՒԹ.- ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան եւ Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ այցելեցին մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիին:
Հանդիպման ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի եւ քաղաքապետ Խոշեան շնորհակալութիւն յայտնեցին Խուրիի Այնճար այցելութեան եւ Այնճարի բերդին մէջ փոքր պալատի մը բացումը կատարելուն համար, ինչպէս նաեւ՝ Այնճարի հնութիւնները պահպանելու իմաստով մշակոյթի նախարարութեան ունեցած ներդրումին համար: