ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեան Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Փոխադրական հարցերու յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ Կրէյս Նափոլիթանօ ջերմօրէն ողջունած է Լոս Անճելըս-Երեւան ուղղակի թռիչքներ կատարելու նպատակով վերջերս տեղի ունեցած խորհրդակցութիւնները՝ Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայանի պաշտօնատարներուն եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն միջեւ։
Մեծապէս յարգուած քոնկրեսականը կը ներկայացնէ Քալիֆորնիոյ 32րդ ընտրատարածքը, ուր կ՛ապրի ամերիկահայ աշխոյժ համայնք մը եւ կը գործէ Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը։
«Քաջալերական կը համարեմ այս խորհրդակցութիւնները եւ կը խոստանամ աջակցիլ Հայաստանը ուղղակի Լոս Անճելըսին կապելու սոյն ծրագիրի իրականացման», յայտարարած է Նափոլիթանօ։
Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին անունով, իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան ողջունած է այս նախաձեռնութեան աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած Նափոլիթանոյի կեցուածքը՝ յիշեցնելով, որ 1982էն ի վեր, երբ Նափոլիթանօ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ էր, Հայ Դատը սերտ յարաբերութիւն ունի անոր հետ։ Նշենք, որ Նափոլիթանօ առաջին անգամ Քոնկրեսի անդամ ընտրուեցաւ 1998ին։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս ծրագիրը իր առաջնահերթութիւններէն մէկը դարձուցած է՝ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ նման թռիչքներ ոչ միայն ճամբորդներուն ժամանակը խնայելու տեսակէտէն յոյժ կարեւոր են, այլեւ պիտի խթանեն զբօսաշրջութեան եւ գործարարներու ճամբորդութիւնները եւ միաժամանակ՝ ապրանքափոխադրումներու ծաւալի ընդարձակումը, որոնք իրենց կարգին պիտի նպաստեն Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական յարաբերութեանց հզօրացման:
Յիշեցնենք, որ Մայիսի սկիզբը, Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայանի գլխաւոր գործադիր վարիչ Տեպրա Ֆլինթ եւ գործադիր վարիչի տեղակալ ու արտաքին կապերու գծով տնօրէն Թրեւըր Տէյլի այս առնչութեամբ քննարկումներ կատարեցին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեանի եւ համայնքային երկարամեայ գործիչ ու օդանաւային փոխադրութեանց մարզի մասնագէտ Զանգու Արմէնեանի հետ. ընթացքին, շինիչ գաղափարներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայանին եւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին միջեւ ուղղակի թռիչքներու սկսելու հարցին վերաբերեալ:
Այս նախաձեռնութեան աջակցելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.anca.org/Travel կայքէջը: